image
Հրատապ լուրեր:

Հա­յե­րէ­նի Ու­սու­ցիչ­նե­րը Պէտք Է Ան­պայ­ման Գրա­բար Սոր­վին, Ո­րով­հե­տեւ Գրա­բա­րը Լե­զուին Բա­նա­լին Է. Լեւոն Արք. Զէքիեան

Հա­յե­րէ­նի Ու­սու­ցիչ­նե­րը Պէտք Է Ան­պայ­ման Գրա­բար Սոր­վին, Ո­րով­հե­տեւ Գրա­բա­րը Լե­զուին Բա­նա­լին Է. Լեւոն Արք. Զէքիեան

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան Հինգ. Յուն. 21-ին դասախօսութեամբ մը ե­լոյ­թ ունեցած է Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ։ Դասախօսութիւնի շարունակութիւնն էր անոր վեր­ջերս նոյն դպրո­ցէն ներս մատուցած՝ «Ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ան­ցեա­լը, ներ­կա­ն ու ա­պա­գա­ն» դասախօսութեան։ Երեկոն սկսած էր վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեանի ող­ջոյ­նի խօսքով, որ­մէ ետք նա­խա­տե­սուած նիւ­թին շուրջ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ներ­կա­նե­րուն  յայտնած է իր խորհրդածութիւնները: Դասախօսութեան ընթացքին Զէքիեան շեշտը դրած է մայ­րե­նի լե­զուի ճա­նաչ­ման կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ, ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուցած է գրա­բա­րը եւ գրա­բար գիտ­նա­լու նշա­նա­կու­թիւ­նը, հնչեցնելով այն կարծիքը, որ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը պէտք է ան­պայ­ման գրա­բար սոր­վին, ո­րով­հե­տեւ գրա­բա­րը լե­զուին բա­նա­լին է։ Ան կարեւորած է նաեւ արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի տե­ղա­կան բար­բառ­նե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը։  Այնուհետեւ, անդ­րա­դառ­նա­լով լե­զուի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն տար­բե­րակ­նե­րուն՝ Գե­րա­պայ­ծառը նշած է, թէ եր­կու հա­զար տա­րիէ ի վեր հա­յե­րէ­նը պա­հած է իր նոյ­նու­թիւ­նը, «հա­յե­րէն լե­զուն լե­զուա­բա­նի մը տե­սա­կէ­տէ գանձ մըն է ու մենք բո­լորս պէտք է գի­տակ­ցինք մեր այդ գան­ձի ար­ժէ­քին» եզրափակած է Հայր Զէքիեան:

 

Նիիթի աղբիւր՝ Ժամանակ