«Հայելի» մամուլի ակումբի մօտ տեղի ունեցած միջադէպի առթիւ Ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնէն ներս քրէական գործ յարուցուած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանի ֆէյսպուքեան էջէն։
«Երեւան քաղաքի դատախազի յանձնարարութեամբ Հայելի մամուլի ակումբի մօտ տեղի ունեցած միջադէպի առթիւ Ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնէն ներս քրէական գործ յարուցուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 164֊րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով»,–նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ 5 հոկտեմբերին 4 անձինք՝ Դաւիթ Յովհաննիսեանը, Սարգիս Մանուկեանը, Արտակ Մարգարեանը եւ Հայկ Ստեփանեանը, յարձակած են Բիւզանդի 1/3 շէնքի 4-րդ յարկին վրայ տեղակայուած «Հայելի» մամուլի ակումբի եւ նոյն հասցէի վրայ գործող Hayeli.am կայքի խմբագրութեան վրայ։ Անոնք հաւկիթներ նետած են մամուլի ակումբի ուղղութեամբ՝ այդպիսով իրենց դժգոհութիւնը արտայայտելով կայքի մէջ հրապարակուած յօդուածի առնչութեամբ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել