image

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման անհրաժեշտ պայմաններէն էր.Թուրք յօդուածագիր

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման անհրաժեշտ պայմաններէն էր.Թուրք յօդուածագիր

10 Հոկտեմբերին կը լրանայ 2009-ին Ցիուրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման արձանագրութիւններու ստորագրման 8-րդ տարին։ Այս առիթով թրքական «Hürriyet» թերթի սիւնակագիր Ունալ Չեւիքիոզ անդրադարձած է հայ-թրքական արձանագրութիւններուն եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւոր հեռանկարներուն։

Ան կը յիշեցնէ, որ այդ արձանագրութիւններով կը նախատեսուէր երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացում եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական կապերու հաստատում։ Սակայն անոր համար անհրաժեշտ էր, որ երկու երկիրներու խորհրդարանները վավերացնէին արձանագրութիւնները։ Մինչդեռ առ այսօր վաւերացուած չեն։

«Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը կամ այս հարցին մէջ որեւէ դրական առաջընթացի արձանագրումը առաջադրեց որպէս Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապայման, ինչը բարդացուց իրավիճակը։ Հայաստանը, որ մինչ այդ պահը կը կարծէր եւ համոզուած էր, թէ Թուրքիան իսկապէս անկեղծօրէն կ'ուզէ կարգաւորել յարաբերութիւնները եւ այդ նպատակով ձեռնամուխ եղած է արձանագրութիւններու ստորագրման գործընթացին: Բայց Հայաստանը դադրեցաւ հաւատալ Թուրքիոյ անկեղծութեան, երբ վերջինս առաջ քաշեց որոշ նախապայմաններ», - գրած է հեղինակը:

Թուրքիոյ առաջ քաշած նախապայմաններու պատճառով Հայաստանը յայտարարեց, որ չի վաւերացներ արձանագրութիւնները, քանի դեռ Թուրքիան անոնք չէ վաւերացուցած։ Իսկ Փետրուար 2015-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը խորհրդարանի օրակարգէն լիովին հեռացուց արձանագրութիւններու հարցը։

Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհրդաժողովի 72-րդ նստաշրջանին մէջ ՀՀ նախագահի ելոյթի հետեւեալ տողերուն․ «Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը սխալի, եթէ մտածէ, որ ինք կրնայ առյաւէտ պատանդ վերցնել այդ փաստաթուղթերը եւ վաւերացնել միայն իրեն յարմար առիթով»:

Յիշեցնելով, որ մինչեւ 2018 թուականը որեւէ դրական առաջընթաց չգրանցուելու պարագային Հայաստանը արձանագրութիւնները «առ ոչինչ» պիտի ճանչնայ, Չեւիքօզ նկատած է, որ Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական դրութենէն դատելով՝ դժուար թէ մինչեւ 2018-ի գարնան արձանագրութիւններու վաւերացման ուղղութեամբ որեւէ առաջընթաց ըլլայ։

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւներու կարգաւորումը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման անհրաժեշտ պայմաններէն էր։ Ժողովրդավարացման մէկ տարրը պաղ պատերազմէն մնացած այս իրավիճակի շտկումն էր, միւսը՝ Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտ հասարակութեան հետ հաշտութիւնը։ Այս երկու հարցն ալ արդէն օրակարգի մէջ չեն։ Ժողովրդավարացումն ալ Թուրքիոյ մէջ արդէն օրակարգի վրայ չէ»,-գրած է հեղինակը՝ աւելցնելով, որ կարգաւորման համար արդէն աւելի ճիշդ կ'ըլլայ սպասել Թուրքիոյ ժողովրդավարացման։

Չեւիքիոզի կարծիքով, հայկական կողմը սխալ կ'ընէ, եթէ արձանագրութիւնները չեղեալ համարէ, քանի որ այդ ժամանակ Թուրքիան հնարաւորութիւն կ'ունենայ Հայաստանին «քաւութեան նոխազ» դարձնելու եւ պնդելու, որ Հայաստանն առաջին անգամ հրաժարեցաւ կարգաւորման գործընթացէն։