image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի դէպքերուն միջազգային մամուլի արձագանգը

Հայաստանի  դէպքերուն միջազգային մամուլի արձագանգը

«Interfax» լրատուական կայքը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն, մասնաւորապէս նախանցեալ գիշեր ցուցարարներու կողմէ օդակայանը մայրաքաղաքին հետ կապող ճանապարհը փակելուն:

Կայքը նշած է, որ Հայաստանի ընդդիմութիւնը, Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ համընդհանուր գործադուլի կոչ ուղղելով փակած է ե'ւ մայրաքաղաքի ներքին ճանապարհները, ե'ւ դէպի օդակայան տանող ճանապարհը:

Ցուցարարները նաեւ իրենց ինքնաշարժներով փակած են շարք մը նախարարութիւններու մուտքերը, խանգարելով պաշտօնեաներու մուտքը պետական կառոյցներ:

Յիշեալ անհանդուրժողականութեան ալիքին որպէս պատճառ կայքը նշած է ՀՀ Խորհրդարանի անդամներու կողմէ Փաշինեանի վարչապետութեան թեկնածութեան դէմ քուէարկելու փաստը: