image

Հայ Զինուորը Խօսելով BBC-ին Ըսած Է «Մենք Կը Կռուինք Մեր Հողին Համար» (Տեսանիւթ)

Հայ Զինուորը Խօսելով   BBC-ին Ըսած Է   «Մենք Կը Կռուինք Մեր Հողին Համար» (Տեսանիւթ)

Միջազգային      վարկ   ունեցող  BBC  կայանը  ացնող օրերուն եղած է Արցախի սահմաններուն վրայ: Լրատուակայքի կատարած մէկ նկարահանումներուն մէջզրուցած է զինուոր Վլատիմիր Արմանի Մկրտչեանին հետ, որ ծնած է 1997-ին, եւ բանակային ծառայութեան սկսած է մօտաւորապէս երկու ամիսներ առաջ: Մէկ շաբաթ առաջ առաջնագիծ ելած է, իր բանակային հերթական ծառայութիւնը կատարելու համար: Առաջնագիծ եղած ժանանակ է, որ ազերիները իրենց վերջին թշնամական արարքները գործած են: Զինուորը կը պատմէ, թէ ինչպէս սկսած են յարձակումները, թէ ինչպէս սկիզբը խուճապի մատնուած են, սակայն շուտով վերակազմաւորուած են եւ անցած են պաշտպանութեան: Վլատիմիրը խօսած է նաեւ իրենց առօրեայի մասին եւ այլն: Յատկանշականը սակայն Վլատիմիրի մարդկային բարձր որակի տեսակն է: Խօսելով թշնամիներուն մասին՝ կըսէ. «Գիտեմ, որ դիմացը մեր նման, մեր տարիքին տղաք կանգնած են: Իրենք ալ մեզի նման մարդիկ են: Ուղղակի պատերազմի ժամանակ բաներ կան, որ չես ուզեր ատոնց մասին մտածել, ուղղակի հրամանը կը կատարես, որովհետեւ գիտես, որ այդ պահուն ճիշդը այդ է»:

Վլատիմիրը խօսելով Ղարաբաղի մասին, կ'ըսէ. «Ինծի համար կարեւորութիւն չունի, որ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցուած հանրապետութիւն չէ, որովհետեւ մենք կը կռուինք մեր հողին համար»: