Հայաստանի մէջ ծառայութիւն իրականացնող Ռուսաստանի Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը հայ-թրքական սահմանին 5 սահմանախախտ ձերբակալած են: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՌԴ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան Սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Յանցաւոր խմբաւորումը փորձած է անօրինական ճանապարհով ներխուժել Հայաստան: Որոնողական միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած է, որ ձերբակալուած 5 անձինք Աֆղանստանի քաղաքացիներ են:
Սահմանախախտները յանձնուած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն:
Ներկայիս կ'իրականացուին գործողութիւններ՝ պարզելու միջադէպի մանրամասները:


