Շաբաթ օր Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ հիւպատոսարանի առջեւ տասնեակ երիտասարդներ բողոքի հաւաք կատարած են: «Արեւելք» այս մասին իմացաւ ՀԵԴ-ի Լոս Անճելըսի պատասխանատուներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ քրտական «Րոճովայի զօրակցութեան մարմնի» եւ «Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան» տասնեակ երիտասարդներ բողոքի հաւաք կատարած են Ուիլշայր պողոտային վրայ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ դիմաց: Ցոյցը տեղի ունեցած է դատապարտելու համար քիւրտ մարդկային իրաւանց պաշտպան Թահիր Էչիի սպաննութիւնը: Բողոքարարաները այս առթիւ գետնին պառկելով ներկայացուցած են Հրանդ Տինքի սպաննութեան տեսարանը: Այս առթիւ Հայ եւ Քիւրտ երիտասարդական մարմինները նոյնպէս հանդէս եկած են յատուկ յայտարարութեամբ, ուր կ'ըսուի թէ Հրանդ Տինք, Սեւակ Պալըքճի եւ Թահիր Էլչի, Էրտողանի գլխաւորած իշխանութեան հերթական զոհերն են:




