image
Հրատապ լուրեր:

Հաւանական է, որ ՀՅԴ-ն եւ ՍԴՀԿ-ն մաս կազմեն նոյն ընտրական դաշինքին. Lebanon Debate-ի անդրադարձը

Հաւանական է, որ ՀՅԴ-ն եւ ՍԴՀԿ-ն   մաս կազմեն նոյն ընտրական  դաշինքին. Lebanon Debate-ի անդրադարձը

«Lebanon Debate» կայքը  յօդուածով մը անդրադարձած է լիբանանեան ընտրութիւններուն հայկական համայնքի ունեցած դերին:

Յօդուածագիրը նախ ներածականով մը ներկայացուցած է լիբանանահայոց քաղաքական կեանքը, ուր հայերը երեք աւանդական կուսակցութիւններու եւ շարք մը միութիւններու անդամներ են, իսկ վերջերս նաեւ սկսած են անդամակցիլ ոչ հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու:

Լիբանանի մէջ հայերուն տրամադրուած աթոռները  վեց  են, որոնք տեղաբաշխուած են հետեւեալ ձեւով.

Զահլէ.- որուն տրամադրուած է մէկ աթոռ (Հայ Առաքելական), զոր կը զբաղեցնէ լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Շանթ Չինչինեան: Զահլէէն ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցողներուն թիւը 8604 է, այսինքն Զահլէի բնակչութեան 4,99 տոկոսը:

Մեթնի շրջան (Լեռնալիբանան) .- ուր նոյնպէս հայերուն տրամադրուած է մէկ աթոռ (Հալ Առաքելական), զոր կը զբաղեցնէ ՀՅԴ-ի  ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Մեթնէն հայ ընտրողներու թիւը կը կազմէ 25330 Առաքելական եւ 6343 Կաթողիկէ ընտրողներ:

Պէյրութ.- ուր հայերուն տրամադրուած է չորս աթոռ՝ երեք Առաքելական, զորս ներկայիս կը զբաղեցնեն Ժան  Օղասաբեան (ՌԱԿ-Մուսթաքպալ), Սեպուհ Գալփաքեան (ՍԴՀԿ-Մուսթաքպալ), Արթուր Նազարեան (ՀՅԴ-«Ազգային ազատ հոսանք»  (Նախագահ  Աունի    հիմնադրած  կուսակցութիւնը Խմբ. «Արեւելք»), եւ մէկ Կաթողիկէ, զոր կը զբաղեցնէ Սերժ  Թուրսարգիսեան (ՍԴՀԿ-Մուսթաքպալ):

Պէյրութէն հայ ընտրողներու  ընդհանուր թիւն է՝   37905 Առաքելական եւ  7459 Կաթողիկէ է:

«Lebanon Debate»ի հետ զրոյցի ընթացքին Շանթ Չինչինեան  յայտնած է, որ Զահլէի հայերը անցեալին մշտապէս նախարար Ժոզէֆ Սքաֆի կողմնակից եղած են, որովհետեւ ան ուժեղագոյնն էր Զահլէի մէջ, եւ Զահլէի հայութեան մեծ մասը կը բնակէր Սքաֆի բնակավայր Մէյտան թաղամասը:

2005 թուականի դէպքերէն ետք Զահլէի հայերը, ինչպէս բոլոր լիբանանցիք, բաժնուած են երկու խումբերու, մինչ    առաջին  խումոբ  հակում ունէր   մարտի քաղաքկան ուժերուն երկրորդ  խումբի  պարագային  անոնք  հակում ունէին  մարտի     հանդէպ:

Չինչինեան խօսելով   այսօր  տիրող ընդհանուր պատկերին մասին ըսած է, թէ 2018 թուականին ՍԴՀԿ  կը շարունակէ որպէս «Մուսթաքպալ»ի համակիր հանդէս գալ, իսկ ՀՅԴ-ն  «Ազգային ազատ հոսանք»ին  հետ, մինչդեռ ՌԱԿ յայտարարած է, որ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան  հետ դաշինք  կը կազմէ:

  Լիբանանահայ երեսփոխանը  նաեւ յայտնած է, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնն առաջադրել, սակայն վերջնական որոշումը  կը պատկանի «Լիբանանեան ուժեր»  կուսակցութեան ղեկավարութեան:

Մեթնի մէջ հայութիւնն անցեալին մշտապէս մրցակցող ուժերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանած է, մանաւանդ  «Քաթայէպ»ի («Փաղանգաւորներ») եւ Միշէլ Մըրրի  (երկար  տարիներէ ի վեր Մեթնի քրիստոնեաներու անկախ    քաղաքական        գործիչ)  միջեւ, թէեւ անոնց մէկ մասը նախկին նախագահ Էմիլ Լահհուտի կողմակիցներ եղած են:

Մինչդեւ այսօր, ինչպէս կը յայտնէ «Lebanon Debate», Մեթնի հայութիւնը, եւ մանաւանդ ՀՅԴ-ն , կը ձգտին  մերձեցում ստեղծել Մըրի եւ «Ազգային ազատ հոսանք»ին  միջեւ:

Նշուած դաշինքի ստեղծումը խափանուելու պարագային, Մեթնի հայութիւնը երկընտրանքի առջեւ պիտի կանգնի՝ կա'մ ընտրութիւններուն մասնակցիլ  Աունականներուն կա'մ դաշնակցիլ Մըրի հետ, որ նուազ հաւանական է:

Պէյրութի հայութիւնը անցեալին մշտապէս նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի համակիր եղած են, սակայն 2000 թուականէն ետք հայկական կուսակցութիւնները մասնատուած են, որմէ ետք ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ միացած են վարչապետին, իսկ ՀՅԴ՝-ն նախագահին:

ՌԱԿ-ի ատենապետ եւ թեկնածու Աւետիս Տագէսեան «Lebanon Debate»ին յայտնած է, որ 2018-ի ընտրութիւններուն ՌԱԿ հանդէս պիտի չգայ, որպէս «Մուսթաքպալ»  հոսանքի դաշնակի,մինչդեռ ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ կը պատրաստուին մաս կազմել  մեծ հաւանականութեամբ  յառաջիկայ օրերուն     ի յայտ    եկող «Մուսթաքպալ»- Աունականներ   ընտրական դաշինքին :