Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը թուիթըրի իր էջին կիսուած է Reuters լրատուական գործակալութեան «Հակառակ Լիբանանի մէջ առկայ խնդիրներուն՝ տեղի հայերը կը հաւաքագրուին Ղարաբաղ երթալու համար» վերտառութեամբ յօդվածով եւ նշած՝

Տեղեկատւութեան ստուգման կեդրոնը կը յայտնէ, որ ուսումնասիրելով հեղինակաւոր Reuters-ի յօդուածը պարզ կը դառնայ, որ այնտեղ որեւէ խօսք չկայ ո՛չ Լիբանանէն կամ Սուրիայէն ժամանած վարձկաններու, ո՛չ ալ Քրտական բանուորական կուսակցութեան ահաբեկիչներու մասին։
Նիւթին մէջ իրաւացիօրէն նշուած է, որ Լիբանանի մէջ կեդրոնացած է 140 000-անոց հայկական համայնք, որոնց նախնիները մեծամասամբ փախած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած զանգուածային սպաննութիւններէն ետք։ Համայնքի ներկայացուցիչները, հակառակ արժոյթի խիստ անկման, դրամահաւաք իրականացուցած են, իսկ ազգութեամբ հայ քանի մը տասնեակ տղամարդիկ ալ առանց երկմտելու մեկնած են Հայաստան՝ օգնելու հայրենիքին՝ 27 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին մէջ:
Յօդուածը, մասնաւորապէս, Հայաստան տեղափոխուած Վարդգէսի (չէր ուզած նշել ամբողջական անունը) եւ մարտերու ընթացքին զոհուած օփերային երգիչ Գէորգ Հաճեանի մասին է, որոնք պատերազմի սկիզբէն ալ մեկնած էին սահման։
Յօդուածն ամբողջութեամբ կրնաք ուսումնասիրել այստեղ։