Կիպրոսի Թեմէն ներս տեղի ունեցած է Ազգային Գաւառական Ժողովի երեսփոխաններու ընտրութիւն: Այս մասին «Արեւելք» վերահասու կը դառնանք, Թեմի Առաջնորդարանէն, որ այս առթիւ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը:
Ներկայացուած հաղորդագրութեան համաձայն Ազգային երեսփոխաններ ընտրուած են հետեւեալ ազգայինները՝
Յակոբ Գասպարեան, Յարութիւն Գույումճեան,Նարեկ Դաւիթեան ,Բարսեղ Զարդարեան, Ճորճ Թորոսեան, Մանուկ Մկրտիչեան եւ Աւետիս Փոշօղլեան Նիկոսիոյ շրջանէն:
Լառնաքայէն ՝ Ատուր Գարակիլլէեան, Յակոբ Պոհճէլեան եւ Տօքթ. Միսաք Քէշիշեան:
Լիմասոլէն ՝ Կարպիս Ֆէրահեան:
Բռնագրաւեալ Ֆամակուսթայէն ՝Լեւոն Առաքելեան:
...
Առաջնորդարանը նաեւ գոհունակութիւն արտայայտած է, որ «ընտրութիւնները կատարուեցան խիստ համերաշխ եւ հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ, յարգելով կանոնաւորութեան եւ օրինականութեան ամէն սկզբունք, յօգուտ մեր գաղութի ազգային պահանջքներուն եւ առաջնահերթ կարիքներու գոհացման»:
Յիշեցնենք, որ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդն է Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ մինչեւ այդ պաշտօնը ստանձնելը Յունաստանի թեմի առաջնորդն էր: