Ռուսիա- («Թերթ.ամ»- Երեւան)- Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք՝ Քիրիլը «Տաշիր» ընկերութեան հիմնադիր եւ նախագահ Սամուէլ Կարապետեանին շնորհած է Սուրբ մեծ իշխան Դանիէլի Գ աստիճանի շքանշան՝ Տուպրովկայի մէջ սուրբ Քիրիլի եւ Մեթոտիոսի տաճարի շինարարութեան գործին իր ունեցած դերին համար, այս մասին կը տեղեկացնէ «Թերթը»: Աղբիւրը նշէ նաեւ, որ Տուպրովկայի մէջ գտնուող Մոսկուայի տաճարը կառուցուած է 2002 թ.ի ողբերգական իրադարձութիւններու յիշատակին եւ ինչպէս ըսած է պատրիարք Քիրիլը՝ նոր սրբատեղիի կառուցումը ահաբեկչութեան ամնեղ զոհերուն հանդէպ վերաբերմունքը ցոյց կու տայ:Կը նշուի նաեւ, որ Քիրիլի եւ Մեթոտոսի տաճարը Տուպրովկայի մէջ դարձած է 200 տաճարներու շինարարութեան ծրագրի իրագործուած առաջին եկեղեցին, որու նախաձեռնութիւնը պատկանած է Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսաց պատրիարքին:«Թերթ»ի հաղորդմամաբ, այս առաջին մրցանակը չէ, որուն արժանացած է Ս. Կարապետեանը, Ան 2012 թ.ին Սուրբ Նիկոլայ Հրաշագործ տաճարի վերականգման մէջ ունեցած ներդրումին համար նոյնպէս Քիրիլ պատրիարքէն ստացած է Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ Փառքի ու Ազնուութեան Բ աստիճանի շքանշան, իսկ 2011-ին նոյնպէս եկեղեցիի մը վերանորոգման գործին համար ստացած է Սուրբ Դանիէլ Մոսկուացիի երկրորդ աստիճանի շքանշան: