Չորեքշաբթի օր, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Յակոբ Տէմիրճիի յուղարկաւորութիւնը, որ շաբաթավերջին, կողոպուտի նպատակով իր տան մէջ սպաննուած էր: Թաղման արարողութեան կարգը վարած է Հոգշ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան: Ողբերգական մահով մեռած Յակոբ Տէմիրճիի յիշատակին յարգանքի վերջին տուրք մատուցելու նպատակով Տէմիրճիօղլուի այրի՝ Սեդա Տէմիրճիի ու ընտանեկան մերձաւորներու հետ միասին, յուղարկաւուրութեան ներկայ եղած են Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, ինչպէս նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան խորհրդարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ հոծ բազմութիւն մը: Լրագրողներ եւս փութացած էին յուղարկաւորութեան վայր, սակայն անոնց մուտքը արգիլուած էր:

Թաթուլ հայր սուրբը թրքերէնով արտասանած իր դամբանականի խօքին մէջ պատահարը բնութագրած է «տմարդի ու գէշ արարքներ» բառերով եւ նշած, որ նման արարքներ իրականացնողները «իրենց հոգիները երեք-չորս դրամի վաճառած», մարդու մը կեանքին վերջ տուող «խեղճ անձեր են»: Խօսքի աւարտին՝ «Կը սպասենք, որ այս դէպքին հեղինակները իրենց արժանի պատիժը ստանան», ըսած է հայր սուրբը, յայտնելով իր մխիթարութիւնը սգակիր ընտանիքին եւ բոլոր հարազատներուն:
Յուղարկաւորութեան աւարտին լրագրողները մանրամասնութիւններ քաղելու նպատակով շրջապատած են Տիկին Սեդա Տէմիրճին, սակայն Տէմիրճի ընտանիքը լռութիւն պահած է, նկատի ունենալով, որ այդ ուղղութեամբ հետաքննութիւնը տակաւին կը շարունակուի: