Սուրիոյ բանակին ենթակայ ուժեր իրանեան եւ «Հըզպալլա»ի զօրքերուն հետ միասին հաւաքուած ու կեդրոնացած են Հալէպի մէջ, կանխելու համար Մունպուճ քաղաքէն ամերիկեան ուժերու եւ վերջիններուս կողմէ հովանաւորուող քիւրտ զինեալներու ներթափանցումը Հալէպ:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Իրան-Սուրիա-«Հըզպալլա» համատեղ բանակի հրամանատարներէն մէկը շեշտած է, որ Հալէպ ԱՄՆ բանակի զինուորներուն գերեզմանը պիտի դառնայ, եթէ վերջիններս ներթափանցման փորձ կատարեն:
Հրամանատարին համաձայն, ամերիկեան եւ քրտական համատեղ ուժերուն թոյլ պիտի տրուի մուտք գործել քաղաք, այնուհետեւ անակնկալ հարուած հասցնելով մեծ վնասներ պիտի պատճառուի անոնց: