image

Հալէպահայ տղոց ողջոյնի խօսքը՝ Արցախի զինուորներուն (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

Հալէպահայ տղոց ողջոյնի խօսքը՝ Արցախի զինուորներուն (Տեսանիւթ, Լուսանկարներ)

Հայկական թաղամասերու ապահովութիւնը ստանձնած հայ երիտասարդներ տօնական օրերու առթիւ, իրենց ողջոյնի խօսքը յղած են: Տեսանիւթի միջոցաւ տարածուած ողջոյնի խօսքով անոնք մասնաւորապէս յիշատակած են Արցախն ու անոր սահմանները պաշտպանող հերոս զինուորները: Երիտասարդներէն մին իր խօսքին մէջ կը նշէ «Մենք Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ժամանակ զգացինք Արցախի մէջ մեր պայքարող զինուորներուն եւ կամաւորներուն ապրումը: Ինչպէս իրենք կը պայքարին մեր հայ ժողովուրդի համար, մեր հայ հողին համար, մեր պատուին  համար, նոյնպէս մենք հոս Նոր Գիւղի մէջ, Հալէպի մէջ կը պաշտպանենք մեր պատիւը մեր արեան գնով»: Տեսանիւթին մէջ յստակ կը դառնայ նաեւ, որ հայ զինեալ տղոց դիրքերը կը գտնուին Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական  թաղամասին մէջ: