image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ ծանրօրէն հրթիռարձակուած. Կան 20 զոհեր եւ 150 վիրաւորներ (Լուսանկար. 18+)

Հալէպ ծանրօրէն  հրթիռարձակուած. Կան  20  զոհեր եւ 150  վիրաւորներ (Լուսանկար. 18+)

Հալէպի   տարբեր  շրջաններ այսօր յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ դարձած են թիրախ` ահաբեկչական խմբաւորումներու  հրթիռարձակումներուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  ծանր  հրթիռարձակման ենթարկուած է մասնաւորապէս Հալէպի «Մոկամպո»  եւ «Ալ Ֆըրքան» թաղամասերը, ուր   զոհերուն թիւը հասած է 20-ի: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով վիրաւորեալներուն թիւը  հասած է 150-ի: Հալէպ քաղաքի գլխաւոր հիւանդանոցները հանրութեան կոչ ուղղած են, խնդրելով  բոլոր տեսակի արեան պաշարներ: Մեր աղբիւրը նաեւ  հաղորդեց, որ Հալէպի հայկական  «Նոր Գիւղ» եւ  «Ազիզիյէ» թաղամասերը եւս աւելի վաղ հրթիռարձակումներու ենթարկուած են ու ցարդ  տեղեկութիւններ չկան  այդ շրջաններուն  մէջ եղած  մարդկային տոյժերու մասին: