image

Հալէպ. Ռմբակոծուած է իրաւաբանական համալսարանի շէնքը

Հալէպ. Ռմբակոծուած է իրաւաբանական համալսարանի շէնքը

Ահաբեկչական խմբաւորումներ այսօր հրթիռներ նետած են  Հալէպի իրաւաբանական համալսարանի  շէնքին վրայ:

Այս մասին տեղեկութիւն տուած  են  Հալէպի  լուրեր տարածող  դիմատետրի  տարբեր     էջեր:

Ըստ  փոխանցուած տեղեկութիւններուն  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով   մարդկային զոհեր չկան, սակայն՝ համալսարանն ու    անոր շուրջ  կառոյցներն ու փոխադրամիջոցները    կրած են նիւթական մեղ  վնասներ:  

Յիշեցնենք որ   անցնող  երկու շաբաթներուն  ընթացքին   Հալէպի   գիւղական հատուածներուն մէջ  տեղակայուած  ահաբեկչական  խմբաւորումներ  հերթական դարձուցած են  քաղաքի     կեդրոնական հատուածը ռմբակոծելու իրենց  արարքները:  

 

    «Արեւելք»ի   տեղեկութիւններով    հակառակ   եղած  հրթիռարձակումներուն քաղաքը  կը գտնուի բնականոն հունի  մը մէջ: