Քիչ առաջ հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Մալքիյէ» շրջանին վրայ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ալ Մայատին» կայանը: Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ մինչեւ այս պահը եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով մարդկային տոյժեր չկան:
«Ալ Մայատին» նոյնպէս կը հաղորդէ, որ հրթիռներուն ուրկէ արձակուած ըլլալը ցարդ չէ պարզուած:
Յիշեցնենք, որ «Մալքիյէ» շրջանը կը գտնուի Հալէպի օդակայանի հիւսիսային հատուածին մէջ եւ եւ մեր տուեալներով այդ շրջանին մէջ հայեր չեն բնակիր: