Ըստ Al Mayadeen կայանին, Սուրիոյ բանակը յառաջիկայ ժամերուն պիտի կարողանայ ամբողջական պաշարման տակ պահել Հալէպի շուրջ եղող ընդդիմադիր զինեալները: Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ բանակի ուշադրութեան կեդրոնը դարձած է Լայրամուն շրջանի ճակատը, որ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ թատերաբեմ դարձած է ծանրագոյն բախումներու: Al Mayadeen փոխանցեց, թէ Սուրիոյ բանակի զօրքերը յաջողած են ձախողութեան մատնել ահաբեկիչ զինեալներու պաշարման օղակը կտրելու բոլոր փորձերը, որ տեղի ունեցած էին աւելի վաղ, մասնաւորապէս «Ալ Մալլահ» շրջանի մերձ գտնուող «Հրիթան» շրջանին մէջ, եւ ուր զինեալները ծրագրած էին կատարել անձնասպանական պայթումներ: Ըստ վերջին տուեալներուն, զինեալները մարդկային ծանր կորուստներ կրած են, եւ «Ալ Նըսրա», «Նուր Ալ Տին Ալ Զընքի» եւ «Ահրար Ալ Շամ» ջոկատներու 75 զինեալներ զոհուած են: Ըստ վերլուծաբան Ամին Հըլայթի, զինեալներու անձնասպանական գործողութիւններու դիմելը լաւագոյն ապացոյց է անոնց շարքերուն մէջ երեւելի դարձած յուսալքութեան մթնոլորտին: Կայանի Հալէպի լրագրողը տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին ըսած է, թէ երբ բանակը յաջողի ամբողջութեամբ պաշարել զինեալները, այդ պարագային Հալէպի արեւելեան ու նաեւ հայկական շրջանները պիտի դառնան աւելի ապահով եւ զերծ ընդդիմադիրներու կրակներէն: