image

Հակասական տեղեկութիւններ երէկ Հալէպը ցնցած պայթումին մասին

Հակասական   տեղեկութիւններ երէկ  Հալէպը   ցնցած   պայթումին մասին

Հակասական    տեղեկութիւններ շրջան կ'ընեն  երէկ   գիշեր Հալէպը ցնցած  պայթումներուն մասին:  Արաբական «Ալ Տիար»  թերթը   սուրիական   աղբիւրներէ ստանալով իր տեղեկութիւնները   գրած է, թէ    երէկ գիշեր Սահտ  Ալլա  Ալ Ժապէրի  հրապարակին  վրայ  եղած   գլխաւոր պայթումին յաջորդած են   հինգ այլ  պայթումներ,  եւ  պայթումներուն   որոտը լսուած է   Հալէպի  ամէնէն  հեռաւոր    շրջաններուն  մէջ:  Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է,  թէ  պայթումը արդիւնք է   ահաբեկչական  գործողութեան, որուն հետեւանքով  վիրաւորուած  են    5 անձեր:

Յիշեցնենք, որ    երէկ       արձանագրուած   պայթումը    պատահած էր Սուրիոյ իշխող «Ալ Պաաս»  կուսակցութեան  գլխաւոր կեդրոնատեղիէն ներս:

Կը սպասուին լրացուցիչ  տեղեկութիւններ: