Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 35 անգամ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 450 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը շարունակած են վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին եւ իրականացնել մարտական դիրքերու պահպանութիւն: