16-էն 22 յուլիս ինկած ժամանակահատուածին արցախ-ազպէյճանական հակամարտութեան գօտին յարաբերաբար եղած է հանգիստ: Հակառակորդը հրադարը խախտած է մօտաւորապէս 200 անգամ, օգտագործելով տարբեր հրաձգային զէնքեր: Պաշտպանական Բանակի առաջապահ զօրամասերը պատասխան գործողութիւններ չեն կատարած եւ շարունակած են պահպանել մարտական դիրքերը: