image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողը մահացած է

Հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողը մահացած է

ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցին մէջ 23 յուլիսին մահացած է 14 յուլիսին ծանր վիրաւորում ստացած ժամկէտային զինծառայող, շարքային Արթուր Բագրատի Մուրատեանը (ծնած 2001-ին, Երեւանի թիւ 1 ԶԿ): Այս մասին յայտնած են ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Շարքային Արթուր Մուրատեանը ծանր վիրաւորում ստացած էր ՀՀ հիւսիսարեւելեան  ուղղութեամբ  տեղակայուած  զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, տեղափոխուած էր ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց եւ կը գտնուէր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Հակառակ զինուորական հիւանդանոցի բժիշկներու գործադրած ջանքերուն, Արթուր Մուրատեանի կեանքը կարելի չեղաւ փրկել:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Արթուր Մուրատեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: