Շուէտական ակադեմիան յայտարարած է, թէ գրականութեան մարզի մէջ տրամադրուելիք Նոպելեան մրցանակն այս տարի չեղեալ յայտարարուած է:
«Ալ Տիար» լրատուական կայքին համաձայն, մրցանակի չեղարկման պատճառ հանդիսացած է ակադեմիայէն ներս տեղի ունեցած խայտարակութիւնը, կապուած սեռական անյարիր պահուածքի պատճառով ակադեմիայի շարք մը աշխատողներու դուրս դրուելու փաստին հետ:
Նշենք, որ Նոպելեան մրցանակի չեղարկումը կամ յետաձգումը հազուադէպ երեւոյթ է: Վերջին անգամ գրականութեան մարզի մէջ Նոպելեան մրցանակի յանձնումը չեղարկուած էր 1943 թուականին, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի պատճառով:
Մրցանակի չեղարկման որոշումը կայացուած է Սթոքհոլմի մէջ գումարուող հերթական ժողովի ընթացքին, նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ ակադեմիան այս պահուն ի վիճակի չէ յաղթող ընտրելու: