image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Ը. Մաս)

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի (Ը. Մաս)

Կիրակի, 1 Ապրիլ, 2018

Օրը արեւոտ է։ Սուրբ Յարութեան տօնը ըլլալու կողքին, մեր գիւղի Սուրբ Սարգիսի ուխտի տօնն ալ է։ Առաւօտէն բլուրին վրայ կը նկատենք գնչու փերեզակներու ինքնաշարժները։ Այսօր համալիրի մատուռին մէջ պատարագ պիտի մատուցուի։ Բլուր բարձրանալը այնքան ալ հեշտ չէ։ Ոստիկանութիւնը որոշ հեռաւորութեան վրայ արգիլած է ինքնաշարժներու երթեւեկը։ Փոխանակ մեր գիւղի Սուրբ Սարգիսը բարձրանալու, կ’որոշենք Մուղնիի Սուրբ Գէորգը երթալ զատկուան պատարագին ներկայ ըլլալու։

Եկեղեցին հաւատացեալներով լեցուն է։ Պէտք է արձանագրեմ, որ հաւատացեալ բառը հոս բոլորովին տարբեր իմաստ ունի։ Հաւատացեալ կը կոչուին աղանդներու հետեւորդները...

Ուշադրութիւնս կը գրաւէ որ եկեղեցւոյ շրջակայքը Սուրբ Գէորգը գրուած է երեք տարբեր ձեւերով,- Խորանին վրայ` Սուրբ Գէորգ, բակի նստարաններուն վրայ` Սուրբ Գեվորգ, իսկ մոմավաճառին մօտ պատին վրայ` Սուրբ Գևորգ։ Այս խայտաբղէտ ուղղագրական բազմազանութիւնը շտկելու ոչ մէկ ճիգ կը տարուի ներկայիս։

Կէսօրին հրաւիրուած ենք Սարոյի տունը։ Իր տղուն` Իշխանին առաջին տարեդարձն է։ Նաեւ այսօր մատաղ պիտի մատուցեն։ Վերջերս Սարոն իրարայաջորդ ինքնաշարժի վթարներ անցուց եւ մատաղը անոնցմէ անփորձանք դուրս գալուն համար է։ Բակին մէջ դրած են երկար սեղաններ։ Բակին մէկ անկիւնը հսկայ կաթսայի մէջ կ’եփի գառնուկի խաշլաման, որմէ եօթը տուն պէտք է բաժնեն ճաշի սեղանին չդրած... Աղը օր մը առաջ օրհնուած է, որմէ մաս մը կերած է գառնուկը։ Առաւօտուն Սուրբ Սարգիս տարած են զայն եւ ականջէն արիւն հոսեցուցած... Կռակապաշտական սովորութիւնները դարձած են մեր եկեղեցւոյ ծէսերուն մէկ մասը...

Այսօր Սուրբ Սարգիս ուխտի եկած մարդիկ հիւր են մեր համագիւղացիներուն տուները։  Վալդերենց տունը սեղան բացուած է, նոյնպէս Արտաշենց տունը եւ վստահ եմ շատ շատերու տուները։

Երեկոյեան մեզի այցելութեան կու գան «մեր» աղջիկներէն Ֆենիան, ամուսինը Թորգոմը եւ իրենց մէկ տարեկան աղջիկը` Արեւիկը։ Ամէն անգամ, որ Զուարթնոց գիւղէն այցելութեան կու գան մեր գիւղ, անպայման մեզի ալ կը հանդիպին։

Երկուշաբթի, 2 Ապրիլ, 2018

Ուշիի մէջ տասնըմէկերորդ տարին է որ կը բոլորենք։ Արդէն ժամանակն է թարմացնելու ամէնօրեայ գործածութեամբ մաշած իրերը։ Քանի մը օր առաջ կահոյքագործը փոխեց բազմոցներուն նստատեղերը։ Այսօր Աշտարակ կ’երթանք նոր վարագոյրներ ապսպրելու... Բարեբախտաբար, Աշտարակի մէջ սկսան գործել զանազան ծառայութիւններ, որոնց համար քանի մը տարի առաջ պէտք էր Երեւան իջնել։ Մական երիտասարդ աղջիկ մըն է, որ փոքրիկ խանութի մը մէջ միաւորած է զանազան ծառայութիւններ,- հարսանեկան հագուստներու եւ պարագաներու վարձոյթ, զարդերու եւ խաղալիքներու վաճառք, վարագոյրներու պատրաստութիւն, եւայլն։ Նման կիներ յոյս կը ներշնչեն, որ նախաձեռնութեան ոգին բոլորովին չէ անհետացած մարզերուն մէջ ապրող կիներուն մէջ։

Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ, 2018

Ամպամած է։ Քիչ մըն ալ ցրտեց։ Եղանակային կանխատեսումները լաւ չեն։ Նոյնիսկ ձիւնի մասին կը խօսուի։ Կը վախնանք այգիի ծառերուն համար...

Ծիրանի ծառերուն ծաղիկները սկսան թափիլ, բայց կերասները ծաղկելու նշաններ ցոյց կու տան։

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ, 2018

Յանկարծ եթերը կը խճողուի անցեալ տասը տարիներուն արձանագրուած յառաջդիմութեամբ։ Չեմ կասկածիր, որ նման յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, սակայն նոր վարչապետի մը թեկնածութեան առաջարկութեան շէմին, ան գովազդային կը թուի ինծի։ Անցեալ տասը տարիները կը զուգադիպին Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան տարիներուն եւ կ’ակնկալուի որ վարչապետի պաշտօնին զինք պիտի առաջարկեն...

Այս գիշեր կ’ակնկալեն, որ չորս մարզերու մէջ ջերմաչափը զերոյէն վար պիտի իջնէ։ Մեր մարզը նշուած մարզերէն մէկն է։ Կը մտահոգուինք, որ մեր ծաղկած ծառերը վնասուին...

Հինգշաբթի, 5 Ապրիլ, 2018

Առնուազն մեր գիւղին մէջ ջերմաստիճանը զերոյէն վար չիջաւ։ Բերքի վնաս չարձանագրուեցաւ... Ըստ լուրերուն գրեթէ ամէն տեղ վնասներ չարձանգրուեցան։

Այս գիշեր հարեւաններով դարձեալ կը հաւաքուինք Հիլտայի մօտ։ Վարորդ Հրայրը Աշտարակէն կը բերէ նախօրօք ապսպրուած (պատուիրուած պիտի ըսէին հոս) «բիձա»ները։ Կը հերիւրենք նշելի պատճառ մը եւ բաժակ կը բարձրացնենք զանազան կենացներ խմելով...

Ուրբաթ, 6 Ապրիլ, 2018

Այսօր մեր հիւրասենեակի նոր վարագոյրները կը կախենք... Հարեւաններէն ոմանք արդէն նշմարած են փոփոխութիւնը եւ դուռը կը թակեն մօտէն տեսնելու զանոնք... Հարեւան Սուսանը տնական հաւկիթներ կը բերէ որպէս շնորհաւորանք։ Արդէն սկսած են կատակել զայն նշելու մասին...

Շաբաթ, 7 Ապրիլ, 2018

Եղանակը քանի մը օր է հիանալի է։ Արդէն կարելի է մտածել բացօդեայ աշխատանքներու մասին։ Այսօր Յասմիկը մեր ծաղկանոցներուն մոլախոտերը կը մաքրէ։ Մեր քովի այգին Կորիւնն ու Սուսանը իրենց որթատունկերը կը յօտեն...

Մայրերու եւ գեղեցկութեան տօնն է։ Վալդերը, ինչպէս Մարտի 8-ին, այսօր ալ փունջ մը ճերմակ վարդերով կու գայ այցելութեան։ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ Աւետման տօնն է։ Ամենայն հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը այդ օրը հռչակած է մայրերու եւ մայրութեան բերկրանքին սպասող կանանց օրհնութեան օր։ Վստահ եմ այս զուգադիպութիւնը պատահական չէ։ Սակայն անակնկալ է ինծի համար կարդալ, որ ան կը զուգադիպի նաեւ «հայոց սրբազան տոմարով» հին զատկական տօնին, որը կ’աւարտի վաղը Արեգ ամսուան Անահիտ օրը...

« Ապրիլի 7-ին Հայ Արիական Միաբանութեան եւ Հայ Ազգայնականների Համախմբման անդամները Մեծամօրի (Մեծամօր - Մեծ Մօր - Աստուածամօր - Մայր Անահիտի) տարածքում արեւածագը դիմաւորեցին Հայոց Մայր Աստուածուհուն ուղղուած ձօնով:

«Զատիկը բնական տօն է, երբ բնութիւնը զատելով իր գոյները՝ բազմազանութեամբ-գունագեղութեամբ է լցնում մարդկանց սրտերը: Մէկ օր առաջ տօնի մասնակիցներից մի քանի տարեց կանայք՝ մամիկներ, ուշ երեկոյեան  հավաքւում են հայ արիների առաջնորդ Արմէն Աւետիսեանի տանը եւ կաթնահունց գաթաներ թխում: Գաթաներից մէկի մեջ դնում են Մայր Անահիտի պատկերով արծաթէ մատանի:

«Այսօր ձօնից յետոյ Հայ Արիական Միաբանութեան Հոգեւոր յանձնախմբի Քրմական դասի ներկայացուցիչը՝ քուրմ Արմոգը ներկաներին բաժանեց այդ կաթնահունց գաթաները: Ում գաթայից Մայր Անահիտի պատկերով արծաթէ մատանի դուրս գար, նրա օջախում էլ կը շարունակուէր տօնը եւ նրան էլ կը տրուէր մատանին որպէս նուէր՝ ձուախաղը սկսելու պատուի առիթով:

«Այնուհետեւ հայ արիների ու համախմբուած ազգայնականների անդամները կը գնան Մայր Արաքսի մօտ՝ ապրիլի 8-ի լուսադէմը Մայր Անահիտին ուղղուած ձօնով սկսելու:

«Մայր գետի մօտ յատուկ ծէս կ’արուի՝  ի աջակցութիւն մեր բանակի, մեր զինուորների, որպէսզի նրանց մայրերի խօսքն, ինչպէս զօրաւոր ձօն, հասնի Մայր Անահիտին ու Տիեզերքից նոր զօրութեամբ պաշտպան կանգնի մեր քաջերին:

Ծէսից յետոյ Հայ Արիական Միաբանութեան Հոգեւոր յանձնախմբի Քրմական դասի ներկայացուցիչները Մայր Արաքսի ջրերին ցորենի հատիկներ կը խառնեն՝ ի նշան այս տարում հողի առատ պտղաբերութեան: Հայ արիների եւ համախմբուած ազգայնականների այն անդամները, ովքեր հողագործներ են, իրենց տուն, Արաքսի ջուր կը տանեն՝ սեփական հողամասերում առաջին հատիկը Մայր գետի ջրով ցօղելու համար:»

Կը մաղթեմ, որ աւանդապաշտ այս խմբաւորումները, հին կրօնական ծէսերու պահպանման գործին կը միացնեն դասական ուղղագրութեան պահպանման աշխատանքը...

Կը կարդամ նաեւ որ այսօր առողջապահութեան համաշխարհային օրն է։ Այս տարուան թեման է առողջապահական ծառայութիւններու ծածկոյթ բոլորին, ամէնուր...

Կիրակի, 8 Ապրիլ, 2018

Այսօր Երեւան կ’իջնենք մթերային գնումներու։ Շուկան բազմազբաղ է։ Գնումներուն համար վճարելու հերթեր կան... Առիթէն օգտուելով կը հեռաձայնենք թորոնթոցի Սոնային որ միանայ մեզի։ Կը նստինք «Boulangerie de Paris» սրճարանը եւ կը շաղակրատենք...

Երկուշաբթի, 9 Ապրիլ, 2018

Այսօր խոհանոցային գործերս այնպէս մը կը դասաւորեմ, որ կէսօրին ազատ ըլլամ հեռատեսիլով դիտելու մեր հանրապետութեան չորրորդ նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը։ Մարդ արարածը ծէսերու սիրահար է... Յուզումով կը դիտենք արարողակարգը եւ ակամայ կը յիշեմ հանգուցեալ քեռիս, որուն հետ երբ առաջին անգամ անկախացած Հայաստան այցելեցինք, ի տես մեր պետականութեան դրսեւորումներուն յաճախ կը կրկնէր,- «Ժողովուրդ էինք, ազգ դարձանք»... Երբ մեր պետականութեան խորհրդանիշերը մարզահամերգային համալիր կը մտնեն, ուր տեղի պիտի ունենայ երդմնակալութիւնը, մարմինս կը փշաքաղուի...

Նախագահի երդման բովանդակութիւնը փոխուած է, նկատի ունենալով մեր նոր սահմանադրութիւնը։ Շեշտը միասնականութեան վրայ է։ Արմէն Սարգսեանը ձեռքը դրած Հայաստանի սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ Տիրամօր Աւետարանին վրայ կ’երդնու,-

«Ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը՝ երդւում եմ` հաւատարիմ լինել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեանը, իմ լիազօրութիւններն իրականացնելիս լինել անաչառ, առաջնորդուել միայն համապետական ու համազգային շահերով եւ իմ ողջ ոյժը ներդնել ազգային միասնութեան ամրապնդման գործում»։ Ան այս երդման կ’աւելցնէ «Աստուած ինձ օգնական» նախադասութիւնը։

Արմէն Սարգսեանի առաջին ճառը որպէս նախագահ խիստ տպաւորիչ է ոչ միայն որպէս բովանդակութիւն այլ նաեւ որպէս գրագէտ հայերէն։ Կը բացակային բարբառային վերջաւորութիւնները: Երկարաշունչ խօսքը կ’արտասանէ անգիր եւ միայն 5 օտար բառեր կը գործածէ ամբողջ ելոյթի ընթացքին, անոնք ալ հաւանաբար հասկնալի ըլլալու մտահոգութեամբ։ Անոնք են,- կոռուպցիա, սոցիալական, մեխանիզմներ, տեխնոլոգիա եւ դինամիկ...

Արարողութիւնը շատ լաւ կազմակերպուած է եւ իսկապէս կը յուզէ զիս։ Հաւանաբար հաւկիթին մէջ մազ փնտռողի տպաւորութիւն պիտի ձգեմ, եթէ ըսեմ, որ ունիմ մի քանի փոքրիկ դիտողութիւններ... Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ կ’օգտագործէ «պետական այրեր» բառակապակցութիւնը առանց «եւ տիկնայք» աւելցնելու, հակառակ որ բեմին վրայ Ազգային Ժողովի փոխնախագահներէն մին կին է եւ ունինք թէ կին պատգամաւորներ եւ թէ կին նախարար։ Երկրորդը կը վերաբերի երդմնակալութեան ժամանակ Արմէն Սարգսեանի կնոջ Նունէի բացակայութեան բեմին վրայ, իր կողքին։ Ան հանդիսասրահէն իր ընտանիքին հետ կը հետեւի արարողութեան...

Ընդհանրապէս այս արարողութիւնը մեկնաբանողները զայն կը կոչեն «երդմնակալութեան արարողութիւն», սակայն կան նաեւ զայն «ինոկուրացիա» անուանողներ...

Երդմնակալութենէն անմիջապէս ետք, Արմէն Սարգսեանը կ’ուղղուի Եռաբլուր պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ, յարգանքի տուրք մատուցելու Ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանի եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին։

Այսօր պաշտօնապէս, մեր հանրապետութիւնը կիսանախագահականէն կը դառնայ խորհրդարանական...

Երեքշաբթի, 10 Ապրիլ, 2018

Այսօր հիւրեր ունինք։ Թորոնթոցի Սոնան, ինչպէս նաեւ երեւանցի Սարգիսը եւ Սիլվան օրը մեզի հետ պիտի անցընեն։ Բացի Մարգարէն, բոլորս ալ ծնունդով Սուրիահայեր ենք։  Սոնան ծնած է Հալէպ, հարս գացած Դամասկոս ապա Պելճիքա փոխադրուած եւ այժմ կ’ապրի Գանատայի մէջ։ Սիլվան ծնած է Քամիշլի, հարս գացած Հալէպ եւ քանի մը տարի է կ’ապրի Երեւան իր ամուսնոյն հետ։ Տղան, հարսը եւ թոռներն ալ հոս են, աղջիկը փեսան եւ անոնց զաւակները Ուաշինկթըն։ Ես եւ Հիլտան ծնած ենք Հալէպ, կանուխէն գաղթած Գանատա եւ այժմ կը բնակինք Ուշի գիւղին մէջ։ Մարգարը ծնած է Յունաստան գաղթած Գանատա եւ այժմ հոս։ Իսկապէս թափառական ժողովուրդ ենք...

Սարգիսը եւ Սիլվան առաջին անգամ կը հանդիպին Սոնային, ուստի կը խօսին հին օրերէն հաւանական ընդհանուր ծանօթներու մասին։ Հին յիշատակներ կը քրքրուին եւ մեզ կը տանին մեր երիտասարդութեան օրերը...

Կէսօրին ընկերուհիս Հիլտայի հիւրերն ենք։ Մեզ կը տանի Նաւոյի ճաշարանը ձուկ ուտելու...

Չորեքշաբթի, 11 Ապրիլ, 2018

Տանձենիները ծաղկեցան։ Հոլանտական կակաչները հիանալի տեսք կու տան մեր տան առջեւի ծաղկանոցներուն։ Ըստ ինծի վայրի կակաչներուն գեղեցկութիւնը չունին, սակայն իրենց վառ գոյներով կը զուարթացնեն մեր բակը։ Կը մերժեմ քաղել զանոնք։ Ծաղկամանին մէջ քանի մը օր միայն կÿապրին, իսկ պարտէզին մէջ երկա՜ր...

Հինգշաբթի, 12 Ապրիլ, 2018

Երէկ Աշտարակի ծաղկավաճառէն ծաղիկի տունկեր գնած էինք։ Այսօր զանոնք կը տնկեմ պատշգամներու բազրիկներուն ամրացուած թաղարներուն մէջ (ի դէպ թաղար բառը չի գործածուիր հոս, թէեւ գոյութիւն ունի Աղայեան բառարանին մէջ։ Կը գործածուի ծաղկաման բառը)։ Անցեալ տարի ոսկեծաղիկներէն (marigold) հաւաքուած հունտերը (հոս պիտի ըսէին սերմերը) կը ցանեմ բակի ծաղկանոցներուն մէջ  եւ առհասարակ գարնանային գեղագիտական աշխատանքներ կ’իրականացնեմ։ Մարգարը կ’անցնի իր ամէնէն սիրած գործին` ջրելուն...

Ուրբաթ, 13 Ապրիլ, 2018

Կրկին անձրեւոտ է։ Երեւան կ’իջնենք որովհետեւ ճաշի հրաւիրուած ենք Թորոս Թորանեանի տունը։ Երբ մեր երեւանեան յարկաբաժինը կը հասնինք, զարմանքով կը նկատենք, որ ինքնաշարժ կայանելու տեղերը կէսով անհետացած են... Բակին մէջ գոյութիւն ունեցող փլատակ տուները կարծես թէ բարձրայարկ շէնքով մը փոխարինելու աշխատանքները սկսած են... Կայանատեղին ընդգրկած են շինհրապարակի սահմաններուն մէջ...  Կ’որոշենք «դաքսի»ով երթալ Թորոսին, որովհետեւ կը կասկածինք, որ ուշ գիշերին, երբ վերադառնաք, մեր ինքնաշարժը կայանելու տեղ պիտի ունենանք...  Քաղաքին կեդրոնը գտնուող այս փլատակներու փոխարինումը անփափաքելի չէ։ Միւս կողմէն պիտի նախընտրէինք, որ փոխանակ բարձրայարկ շէնքի, պարտէզներով փոխարինուէր...

«Դաքսի»ի վարորդը վստահ եմ քաղաքին ամենաանտեղեակն էր։ Ինչ փողոցի անուն որ տուինք, անծանօթ էր իրեն համար։ Պնդեց, որ երեւանցի է, սակայն կը կասկածիմ։ Եթէ Մարգարը քաղաքին ծանօթ չըլլար, դժուար թէ տեղ հասնէինք...

Թորոսի աղջիկը` Անին եւ փեսան` Էդուարդը շատ լաւ կը հիւրընկալեն մեզ։ Ներկայ են նաեւ Հայաստան հրատարակչական տան տնօրէն Վահագնը եւ կինը` Մանուշակը։ Հինգ ժամ կ’անցընենք այս հիւրընկալ սեղանին շուրջ խօսելով զանազան քաղաքական եւ գրական տարատեսակ նիւթերու մասին։ Այնքան լաւ է մթնոլորտը։ Թորոսը իսկապէս լաւ տրամադրութեան մէջ է, ինչպէս նաեւ մենք։ Վահագնը մեզ տուն կը հասցէ։ 

Երեւան կը գիշերենք։

Շաբաթ, 14 Ապրիլ, 2018

Մեզի համար անսովոր է առաւօտ կանուխ հեռատեսիլը միացնել։ (Կը նախընտրեմ հոս գործածուող միացնել եւ անջատել բառերը, մեր գործածած բանալ եւ գոցել բառերուն, երբ անոնք կը վերաբերին լոյսին եւ հեռատեսիլին)։ Սակայն, Երեւանի մեր յարկաբաժնին մէջ հիւրի պէս ենք, դատարկ սառնարանով եւ փոքր ճամպրուկի մէջ մեր բերած փոխնորդներով զբօսաշրջիկի կարգավիճակ ունինք։ Հեռատեսիլը կը միացնեմ, այլ ընելիքի բացակայութեան։ Ուշիի մէջ, CNN կայանը երբեք չենք միացներ։ Կը բաւարարուինք հայկական լրատուամիջոցներու հաղորդած տեղական ու համաշխարհային լուրերով։  Երեւանի մէջ սակայն պարագան տարբեր է։ Զարմանքս մեծ է երբ կը լսեմ Ամերիկայի, Մեծն Բրիտանիայի եւ Ֆրանսայի կողմէ իրականցուած Սուրիոյ հրթիռակոծութիւնը... Սուրիան ծննդավայրս է, թէեւ անկէ հեռացած եմ կէս դար առաջ։ Այս լուրը կը մտահոգէ զիս։

Ուշի չվերադարձած ուինք քանի մը ընելիքներ։ Թոռներուս համար հայկական խաղալիքներ ապսպրած եմ, պէտք է զանոնք վերցնել։ Մարգարը Գրական Թերթի վերջին օրինակը կ’ուզէ ձեռք ձգել, եւայլն։ Հետիոտն կ’անցնինք Կեդրոնի փողոցներէն։  Պլպլակները արդէն կը գործեն։ Ճաշարաններն ու խանութները, արդէն գարնանային տեսք ստացած են։ Ծաղիկի թաղարները կը շրջապատեն իրենց բացօդեայ պատշգամները եւ մայթերը։ Մթնոլորտը զուարթ է։ Կը հանգրուանենք «Դիձիանօ» ճաշարանը` նախաճաշի։ Արդէն բացօդեայ նախաճաշողներ կան, թէեւ մենք տակաւին չենք համարձակիր...

Կէսօրուան մօտ ճամբայ կ’ելլենք վերադառնալու Ուշի։ Մեր վերադարձի ճամբան կ’անցնի Ֆրանսական հրապարակէն։ Կը գտնենք, որ ան փակ է երթեւեկութեան համար։ Կան քանի մը վրաններ հրապարակին մէջ եւ հատ ու կենտ մարդիկ... Կ’ենթադրենք, որ «Իմ Քայլը» նախաձեռնութեան պատճառաւ է։ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար, «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր` Նիկոլ Փաշինեանը, օրեր առաջ սկսաւ երթ Կիւմրիէն դէպի Երեւան անցնելով զանազան քաղաքներէ եւ գիւղերէ, բողոքելու այժմու նախագահ ` Սերժ Սարգսեանի վարչապետի պաշտօնին հաւանական թեկնածութեան դէմ, «Մերժիր Սերժին» կարգախօսով։ Ոստիկաններ չկան, ոչ ալ հրապարակին փակ ըլլալը նշող զգուշացումներ։ Յետդարձ կ’ընենք այլ ճամբով գիւղ վերադառնալու։   

Կէսօրէն ետք, այցելութեան կու գայ անծանօթ տիկին մը։ Կ’ըսէ , որ Վանաձորցի է, սակայն այժմ կ’աշխատի Պոլսոյ մէջ։ Ընտանիքին այցելութեան եկած է, եւ «Մարմարա» օրաթերթի  խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանէն գիրք մը բերած է մեզի համար։ Երբ կը խնդրեմ, որ նստի, կ’ըսէ, որ դուրսը տղան, հարսը եւ թոռնիկը իրեն կը սպասեն։ Զանոնք ալ ներս կը հրաւիրենք։ Հաճելի եւ ներկայանալի կին մըն է Քրիստինէն։ Կ’ըսէ, որ «Մարմարա»ն իր շնչառութիւնն է, եւ անոր էջերէն կը հետեւի այս օրագրին։ Պայուսակէն կը հանէ թերթէն մկրատուած կտրօններ։ Կ’ուզէ փոխ առնել Կոստան Զարեանի «Բանկօօպը եւ Մամութի Ոսկորները» վէպը կարդալու համար եւ զատկուան եօթը համեմով պատրաստուած կարկանդակի բաղադրատոմսը կ’ուզէ։ Ասոնց անդրադարձած էի այս օրագրի էջերէն։ Չենք մերժեր, թէեւ «Բանկօօպը» եթէ կորսնցնենք, փոխարինելու միջոց չունինք...

Երեկոյեան լուրերէն կ’իմանանք, որ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը վարչապետի պաշտօնին համար առաջարկած է կուսակցութեան առաջնորդ` նախագահ Սերժ Սարգսեանը...

Կիրակի, 15 Ապրիլ, 2018

Օրը արեւոտ է, բայց քամին ուժեղ։ Ծաղկած ծառերը անպաշտպան կ’երերան մտահոգելով մեզ։ Պէտք չէ գանագատիլ, որովհետեւ կը լսենք, որ Թորոնթոյի մէջ տեղի կ’ունենայ սարսափելի սառցամրրիկ (ice storm)։ Յաճախ կապ կը պահենք մեր զաւակներուն հետ իմանալու համար որ որքանով ապահով են...

Երկուշաբթի, 16 Ապրիլ, 2018

Անցեալ շաբաթ օր, մեզի աննշան թուացող «Իմ քայլը» շարժումը թափ առած կը թուի ըլլալ։ Այսօր կը խօսուի ընդհարումներու մասին ոստիկանութեան եւ շարժումին մասնակցող ցուցարարներուն միջեւ։ Կան վիրաւորներ...

Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ, 2018

Մեր զաւակները եւ հարսերը, ովկիանոսներէն անդին, կը թուի որ  ուշի ուշով կը հետեւին հայաստանեան իրադարձութիւններուն։ Կը ստանամ նամակներ որոնք մտահոգութիւն կը յայտնեն։ Ուշիէն չհեռանաք կ’ըսէ մեծ հարսս` Դալարը։ Կը վստահեցնենք, որ հեռուէն աւելի վատ կը թուի... Նկարները տեսանք, կ’ըսէ մեծ տղաս` Յովիկը...

Այսօր նախատեսուած է վարչապետի ընտրութիւնը խորհրդարանին կողմէ։ Ուղիղ հինգ ժամ հեռատեսիլ կը դիտեմ... Կը հետեւիմ խօսքերուն, թեր ու դէմ կարծիքներուն, վիճաբանութիւններուն բացատրականներուն, արդարացումներուն... Ինչպէս կ’ակնկալուէր, Վարչապետ կ’ընտրուի միակ թեկնծուն` Սերժ Սարգսեանը...

Գանատան, ուր ապրած ենք 40 երկար տարիներ, ունի խորհրդարանական կառավարման համակարգ, այնպէս որ ծանօթ ենք այս կառավարման ձեւաչափին։ Վարչապետ կը դառնայ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն որպէս արդիւնք ամէնէն շատ պատգամաւորներ ունեցող կուսակցութեան ղեկավարը, առանց խորհրդարանին մէջ առաջադրուելու եւ ընտրուելու, այլ ինքնաբերաբար, այնպէս որ անակնկալ չէ մեզի համար, որ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմող կուսակցութեան ղեկավարը դառնայ վարչապետ։ Մէկ տարբերութիւն կայ սակայն։ Հոս խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ այս պարագան երբեք չնշուեցաւ, առաւել, Սերժ Սարգսեանը յայտարարեց, որ ինք պիտի չհաւակնի այդ պաշտօնին։ Ժողովուրդը խաբուած ըլլալու տպաւորութեան տակ է։

Երեկոյեան լուրերէն կ’իմանանք, որ 80 հոգի բերման ենթարկուած են, ոստիկանութեան կողմէ...  

Չորեքշաբթի, 18 Ապրիլ, 2018

Մինչ փողոցները անհանգիստ են եւ ցոյցերը թափ կ’առնեն, յայտարարուեցան առաջին փոխ վարչապետի, եւ երկու այլ փոխ վարչապետներու անունները։ Առաջին փոխ վարչապետը, նախկին վարչապետ Կարէն Կարապետեանն է։ Յայտարարուեցան նաեւ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու անունները։ Անոնք մնացին անփոփոխ։ 

Հինգշաբթի, 19 Ապրիլ, 2018

Երեք նախարար եւս պահեցին իրենց պաշտօնները։

Այսօր Վալդերը պապիկ դարձաւ եւ տղան, «մեր» տղոցմէ Արմանը` հայրիկ։ Հայկը ընդունուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ, բոլորիս կողմէ։ Երեկոյեան Վալդերենց տունն ենք, նշելու այս յատկանշական իրադարձութիւնը։

Ուրբաթ, 20 Ապրիլ, 2018

Եղանակը անձրեւոտ է։ Թէեւ անձրեւը նպաստաւոր է մեր այգիներուն համար եւ աձրեւէն ետք ծառերը եւ խոտածածկ գետինները հիանալի գոյն կը ստանան, բայց անձրեւը չի վայելեր (չի սազում պիտի ըսէին հոս) մեր պայծառ եւ լուսաւոր երկրին։ Հայաստան հասկացողութիւնը ինծի համար միշտ արեւաշող է...

Ցոյցերը կը շարունակուին եւ կարծես թէ կ’ընդլայնուին։ Ամէն օր կը լսենք մեծ թիւով բերման ենթարկուածներու մասին։ Անոնց մեծամասնութիւնը քանի մը ժամ վերջ ազատ կ’արձակուի։ Փոքրաթիւ մարդիկ կը կալանաւորուին... Ինծի համար յստակ չէ թէ ինչ է տարբերութիւնը ձերբակալուելուն եւ կալանաւորուելուն միջեւ։ Բերման ենթարկելը վերջապէս հասկցայ։ Ան առաջին հանգրուանն է ազատազրկելու ճանապարհին եւ անձը ոստիկանատուն տանիլն է, որմէ վերջ կամ մեղադրանք կը յառաջացնեն կամ ալ ազատ կ’արձակեն։

Այսօր Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-֊ը քանի մը ժամով Հայաստան այցելեց եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հետ այցելեցին նորընտիր նախագահը եւ աւելի նորընտիր վարչաապետը։ Շնորհաւորանքներէն անդին յայտնի դարձաւ, որ գլխաւոր նիւթը փողոցային ցոյցերն էին։

Շաբաթ, 21 Ապրիլ, 2018

Գիշերը անձրեւած է։ Առաւօտուն Բիւրականի բլուրները մշուշի մէջ են։ Ձորերէն ամպանման զանգուածներ դանդաղ կը բարձրանան։ Հոս մշուշ բառը չի գործածուիր, փոխարէնը մառախուղ բառն է գործածուողը։ Որոտում բառն ալ չի գործածուիր, ամպրոպն է գործածուողը։ Կը ստուգեմ Աղայեան բառարանին մէջ մշուշ եւ որոտում բառերը։ Անոնք գոյութիւն ունին, պարզապէս առօրեայ գործածութիւն չունին։ Ծաղկած ծառերու ծաղիկներու փերթերը խոտին եւ ճամբաներուն վրայ սփռուած են հիանալի տեսք մը տալով մեր գիւղին։ Այսօր մեր այգիին մէջ կը նկատեմ առաջին վայրի կակաչը։ Կակաչներու հանդէպ տկարութիւն ունիմ։ Այս մէկ հատիկ կակաչը կ’ուրախացնէ զիս...

Աշտարակ իջած ենք վարսավիրանոց այցելելու։ Վարսավիրանոց բառը աւելի ճիշտ կը գտնեմ քան թէ սափրիչ բառը, որ կը գործածէինք սփիւռքի մէջ։ Յանկարծ կը լսենք «միացէք, միացէք» վանկարկումները։ Խումբ մը դպրոցական տարիքի պատանիներ են, որոնք կը զօրակցին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն։  Չեմ կրնար երեւակայել, որ ի՞նչքանով կ’ընկալեն թէ ինչու փողոց ելած են։ Ո՞ր իրենց  տարիքի պատանին պիտի չնախընտրէր փողոց իջնելով պտտիլը, դասի նստելու փոխարէն...

Կոչեր, հանդիպումներ, այցելութիւններ, ամէն ոք եւ ամէն խմբաւորում կը ջանայ իր լուման բերել հանգուցալուծելու ստեղծուած քաղաքական անելը... Սփիւռքի յայտնի հայերը եւ կազմակերպութիններն ալ անմասն չեն մնար։ Ուշ գիշերին կը յայտարարուի, որ վաղը առաւօտ ժամը 10-ին պիտի կայանայ հանդիպում, վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ փողոցի ցոյցերու կազմակերպիչ պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ...

Կիրակի, 22 Ապրիլ, 2018

Մեր երկրորդ թոռնուհին` Դուինը այսօր կը դառնայ երեք տարեկան։ Թորոնթոյի մէջ նշումին ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլանք, բայց հոգիով ու մտքով հոն ենք։ Կը վճարենք հայրենիքի մէջ ապրելու մեր երազին (հոս պիտի ըսէին երազանքին) համար... Ամէն ինչ իր գինը ունի, որ չվճարել կարելի չէ...

Փաշինեան Սարգսեան հանդիպումը տեւեց երեք րոպէ։ Երկու կողմերն ալ շատ կարծր կեցուածքով զիրար նախատելէ անդին չանցան։ Սերժ Սարգսենը լքեց սրահը։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս հանդիպումը որոշած էին կայացնել ուղիղ եթերով եւ լրատուամիջոցներու ներկայութեան։ Սա ինծի համար ընտանեկան վէճերը փողոց տանելու համազօր է, երբ ամէն ըսուած նկատի ունի նաեւ լսարանը։ Ափսոս։

Կը լսենք երեք պատգամաւորներու ձերբակալութեան մասին։ Փաշինեանը եւ իր համախոհներն են։ Ցոյցերը աւելի թափ կ’առնեն այս լուրերէն ետք։

Այսօր Երկիր մոլորակի օրն է, սակայն անոր ուշադրութիւն դարձնող չեղաւ, նկատի ունենալով քաղաքական անկայուն վիճակը, որ հիմա ամենուն մտահոգութիւնն է։

Երկուշաբթի, 23 Ապրիլ, 2018

Նախաճաշի սեղանին ենք, երբ մեր դրան առջեւէն կ’անցնին խումբ մը դպրոցականներ։ «Միացէք», կը վանկարկեն անոնք։ Կ’երթան դէպի մայրուղի։ Մեր գիւղն ալ անմասն չի մնար ընդհանուր թոհուբոհէն...

Հեռաձայն կը ստանանք Թորոնթոյէն։ Այնտեղի ժամով բաւական կանուխ է։ Մեծ տղաս է։ Կը յայտնէ իր մտահոգութիւնը եւ կը խնդրէ, որ մեր ամրան նախատեսած Թորոնթօ այցելութիւնը աւելի կանուխ իրականացնենք։ Կը վստահեցնեմ իրեն, որ մտահոգուլու կարիք չկայ...

Ամէն կէս ժամը համակարգիչիս կը դիմեմ, նոր լուրեր ստանալու նպատակով։ Կէսօրէն ետք սակայն այցելութեան կու գայ Դեկտեմբերին հարս գացած «մեր» աղջիկներէն Ժասմինը եւ որոշ ժամանակով չեմ ստուգեր լուրերը։ Յանկարծ Մարգարը այգիէն ներս կու գայ այլայլած եւ կ’ըսէ, որ ըստ հարեւան Կորիւնին, վարչապետ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տուած է... Անմիջապէս կը ստուգեմ այս անակնկալ լուրը։ Ճիշտ է...

Անկեղծօրէն, նման զարգացում մեր մտքին ծայրէն իսկ չէր անցներ...

Առաջին գործս, տղուս երկտող մը գրելն է։ Անմիջապէս կը ստանամ պատասխանը։ «Գիտեմ»։ Փաստօրէն, Թորոնթոյի մէջ, տղաս մեզմէ առաջ տեղեակ է...

Ձերբակալուած պատգամաւորները ազատ կ’արձակուին։

Մինչ վարչապետի հրաժարականով կը պայմանաւորուի կառավարւթեան հրաժարականը, ութը նախարար եւս կը վերանշանակուին... Շուտով ամբողջ կառավարութիւնը կրկին կը հրաժարի։ Առաջին Փոխ֊վարչապետ Կարէն Կարապետեանը կը դառնայ Վարչապետի պաշտօնակատար...

Հանրապետութեան հրապարակը այս երեկոյ բազմամարդ է։ Հաւաքի ընթացքին կը յայտարարուի, որ Չորեքշաբթի օր կը նախատեսուի Կարէն Կարապետեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը։

Վաղը Ապրիլի 24-ն է` հայկական օրացոյցին վրայ իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցող օր։ Նախագահ Արմէն Սարգսեանը, վարչապետի պաշտօնակատար` Կարէն Կարապետեանը եւ ամբողջ հայ ազգը կը յուսան, որ այս օրը կը դիմաւորենք մէկդի դրած մեր քաղաքական տարակարծութիւնները (հոս պիտի ըսէին տարաձայնութիւնները, որ արեւմտահայերէնի մէջ կը գործածուի բոլորովին այլ իմաստով) եւ միասնական ոգիով կը նշենք մեր նահատակներու յիշատակը։

Այսօր երբ այցելութեան գացինք նորածին Հայկը տեսնելու, որ երէկ, փողոցային ցոյցերու մեծ խցանումները յաղթահարելով տուն եկաւ, մեզի ցոյց կու տան ծննդեան վկայականը։ Մարգարին եւ ինծի համար, իսկապէս յուզիչ է տեսնել այս վկայականը։ Վկայականի առաջին էջին վրայ, Հանրապետութեան զինանշանին վրայ նշուած է, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի։ Հօր անուան տակ կը նշուի ազգութիւնը` հայ։ Մօր անուան տակ նաեւ կը նշուի ազգութիւնը` հայ։ Հայկը թէ հայ է, թէ Հայաստանի քաղաքացի։ Այս պատիւէն շատ զտարիւն հայեր զրկուած են...

 


Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ, 2018

Ապրիլի 24-ն է։ Կանուխէն կը միացնեմ հեռատեսիլը։ Արդէն սկսած է մարդկային հոսքը դէպի Ծիծեռնակաբերդի բարձրունքը։ Կէսօրին երբ պետական եւ հոգեւոր բարձրաստիճան պաշտօնեաները կ’այցելեն յուշահամալիր, նկատելի է Սերժ Սարգսեանի բացակայութիւնը։ Ամբողջ օրը զանազան փաստագրական եւ գեղարուեստական շարժանկարներ կը ցուցադրուին։ Կը զարմանամ, որ այս տարիքիս, տակաւին կան դրուագներ որոնք նորութիւն են ինծի համար։ Մօտէն եւ ականատեսի վկայութեամբ գիտեմ մեր ընտանիքի պատմութիւնները, ինչպէս նաեւ կեսրհօրս պատմածները, բայց այս «թեմային» ամբողջական տիրապետումը անկարելի է։ Ան այնքան ընդարձակ է եւ այնքան տխուր... 

Կէսօրէն ետք, «Իմ Քայլը» նախաձեռնութեան մասնակիցները կը հաւաքուին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ եւ միասին կ’երթան Եռաբլուր։ Ինչպէս խոստացած էին նախօրօք ոչ մէկ քաղաքական դրսեւորում տեղի կ’ունենայ։ Մեր ժողովուրդի միակամութիւնը ի յարգանս մեր նահատակներուն գովելի երեւոյթ է... Ո՞ր ընտանիքի պատմութիւնը կապուած չէ այս ահաւոր իրողութիւններուն...

Չորեքշաբթի, 25 Ապրիլ, 2018

Կը յայտարարուի, որ Կարապետեան֊ Փաշինեան հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ։ Վարչապետի պաշտօնակատարը կը հրաժարի հանդիպումէն, որովհետեւ Փաշինեանը յաւելեալ պայմաններ կը դնէ..

Կը յայտարարուի, որ քաղաքացիական անհնազանդութեան դրսեւորումները եւ հաւաքները պիտի շարունակուին։ Խորհրդարանական «Ելք» խմբակցութեան մաս կազմող «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները, որոնք մինչեւ հիմա չէին մասնակցեր այս շարժման, յայտարարեցին իրենց զօրակցութիւնը։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւս յայտարարեց իր զօրակցութիւնը եւ կոչ ըրաւ իր համակիրներուն փողոց ելլել... Երբ շարժումը յաջողութեան նախանշաններ ցոյց կու տայ, անոր միացողներու թիւը կը սկսի բազմանալ...

«ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը կը յայտրարէ որ կը շարունակէ աջակցիլ շարժման։ «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան» Կուսակցութիւնը կոչ կ’ընէ վարչապետի պաշտօնակատար` Կարէն Կարապետեանին վար դնել իր լիազօրութիւնները, Սպորտի եւ Երիտասարդութեան Հարցերի`  պաշտօնակատար` Հրաչեա  Ռոստոմեանը կը հրաժարի իր պաշտօնէն, ինքզինք համարելով Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութեան Համակիր։  Նախագահ Արմէն Սարգսեանը կը յայտարարէ որ սկսած է խորհրդակցութիւններ խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ոյժերու հետ, ստեղծուած վիճակէն դուրս գալու ուղիներ գտնելու համար։

«Օրինաց Երկիր» կուսակցութիւնը կոչ կ’ընէ իշխանութեանը, ընդունիլ շարժման առաջարկները։ ՀՅԴ-ն կը յայտարարէ իշխանութենէն դուրս գալու իր որոշումը... Րոպէն մէկ, նոր յայտարարութիւն, նոր կոչեր, նոր հանդիպումներ...

Հինգշաբթի, 26 Ապրիլ, 2018

Որպէս արդիւնք ՀՅԴ-ի իշխանութենէն դուրս գալուն, հրաժարական կու տան երեք Դաշնակցական նախարարները եւ երկու մարզպետները։ Այս դոհուբոհին մէջ, կառավարութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքը, առնուազն իր աշխատանքը շարունակելու տպաւորութիւնը կը թողու...

 Կը շարունակուին քաղաքացիական անհնազանդութեան նախաձեռնութիւնները, փողոցներ փակելու եւ երթերով պտտելու մայրաքաղաքին թէ մարզերուն մէջ, ինքնաշարժներու ճչակները անդադրում հնչեցնելով։ Երեկոները կը հաւաքուին Հանրաետութեան հրապարակին մէջ եւ երկարաշունչ ճառեր մտիկ կ’ընեն զօրակցութեան  արձագանքներով ամէն յայտարարութեան։ Երբեմն այս հաւաքներուն կը յաջորդեն համերգներ։

Կը յայտարարուի, որ վաղը եւ միւս օրը շարժումը պիտի փոխադրուի մարզերը, հանգիստ տալով Երեւանի ցուցարարներուն։ Կը յայտարարուի նաեւ, որ վաղը կը ծրագրուի Կարապետեան֊-Փաշինեան հանդիպում։

 

Ուրբաթ, 27 Ապրիլ, 2018

Կարապետեան-֊Փաշինեան հանդիպումը կրկին տեղի չ’ունենար։ Վարչապետի պաշտօնակատարը կը հրաժարի հանդիպումէն զայն որակելով անհեռանկարային։

Կը սկսի ինքնաշարներով երթը դէպի Կիւմրի։ Հոս զայն աւդոերթ կ’անուանեն։ Արդէն յստակ կերպով կ’ուրուագծուի, որ Փաշինեանը ինքզինք կը տեսնէ որպէս վարչապետ։ «Ճգնաժամի լուծումն այն է, որ ԱԺ բոլոր խմբակցութիւնները` ներառեալ ՀՀԿ-ն, ՀՅԴ-ն, Ծառուկեան եւ Ելք խմբակցութիւնները, վարչապետի թեկնածու առաջադրեն ժողովուրդի թեկնածուին ու Մայիսի 1-ին ընտրեն նրան», կը յայտարարէ ան։

«Ժողովուրդի թեկնածու» կամ «ժողովուրդի իշխանութիւն» բառակապակցութիւններու իմաստը անհասկնալի է ինծի համար։ Անոնք չափազանց հռետորական կը թուին ինծի։ Միթէ ժողովուրդը միայն փողոց ելլող ցուցարա՞րն է։ Եւ միթէ ամէն փողոց ելլող կը գիտակցի թէ ինչո՞ւ փողոց ելած է...  

Շաբաթ, 28 Ապրիլ, 2018

Այսօր նախատեսուած է ինքնաշարժերով երթ դէպի Իջեւան եւ Վանաձոր։

Երեւանէն Սեւան տանող մայրուղիին վրայ գտնուող ABIO վաճառատունը երթալու ճամբուն վրայ կը հանդիպինք ցուցարարներու ինքնաշարժերու շարասիւնին։ Եռագոյները կը ծածանին ամէնուն վրայ... Վալդերը կ’ըսէ, որ ի պատրաստութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակին գիւղապետարանին համար դրօշներ ձեռք ձգելը անհնարին եղած է... Ծախու դրօշները սպառած են...

 

Խորհրդարանական «Ծառուկեան» Դաշինքի ղեկավար` Գագիկ Ծառուկեանը այսօր յայտարարեց, որ իրնց խմբակցութիւնը վարչապետի թեկնածու պիտի չառաաջարկէ այլ միասնաբար պիտի սատարէ Նիկոլ Փաշինեանին։ ՀՅԴ-ն յայտարարեց, որ հաւանաբար կը սատարէ նոյն թեկնածուին։ Հանրապետական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ իրենք ալ վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրեն... Ուրեն Մայիս 1-ի յատուկ խորհրդարանական նիստին, որուն ընթացքին նոր վարչապետ պիտի ընտրուի, կայ միայն մէկ թեկնածու` «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար` Նիկոլ Փաշինեանը։   

Օրուան ընթացքին, Հանրապետական եւ «Ելք» խմբակցութիւններու պատգամաւորներէն ոմանք կը սկսին հեռահար դիմատետրեան երկխօսութիւններ, որոնք բանակցելու կոչերով կը նշանաւորուին։ Նիկոլ Փաշինեանը իր ելոյթներու ընթացքին կ’անդրադառնայ անոնց  յայտնելով իր բանակցելու պատրաստակամութիւնը։ Նոյնիսկ «բանակցութիւն» բառը տարբեր իմաստ ունի հակամարտող կողմերուն համար։ Փաշինեանը կը պնդէ, որ բանակցութիւն կը նշանակէ իշխանութիւնը խաղաղ կերպով իրենց յանձնելու մանրամասնութեանց միայն։

Երեկոյեան լուրերէն կը նկատեմ գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեանը ցուցարարներուն խօսք ուղղելու  ժամանակ։ Ցուցարարներուն ծափահարութիւնները եւ աղմուկը պատճառ կը դառնան որ չհասկնամ թէ ի՞նչ կ’ըսէ...

Կիրակի, 29 Ապրիլ, 2018

Մեր համագիւղացիները կը պատմեն, որ երէկ ուշ գիշերին Վանաձորէն վերադարձող ինքնաշարժերու շարասիւնը դիմաւորած են Կարբեցիներու եւ Օհանավանցիներու հետ միասին։  Մեր համագիւղացիները, որոնք ընդհանրապէս մեր գիւղը բարելաւելու մասին անձնական կամ խմբային ոչ մէկ բանի կը ձեռնարկեն, նման ցոյցերու ժամանակ յանկարծ ոտքի կ’ելլեն...

 ՀՅԴ-ն «ամէնայն հաւանականութեամբ» բառակապակցութիւնը վերցուց իր յայտարարութենէն, այսպիսով հաստատելով, որ պիտի սատարէ Նիկոլ Փաշինեանին։

Այս օրը կը նշանաւորուի հանդիպումներով։ Ով ուզես, որու հետ որ ուզես կը հանդիպի, միշտ «քննարկելու համար ստեղծուած վիճակը»։

Հանրապետական կուսակցութիւնը կը յայտարարէ որ Մայիսի 1-ին պիտի չխոչընդոտէ Վարչապետի ընտրութիւնները։ Ինծի յայտնի չէ թէ ի՞նչ ըսել կ’ուզեն...

Այսօր շարժումը կը վերադառնայ Երեւան։ Փողոցները կրկին կը փակուին։ Մարզերուն մէջ կը շարունակուին ցոյցերը։ Երեկոյեան կրկին բազմամարդ հաւաք Հանրապետութեան հրապարակին մէջ։

Յատկանշական է երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի մէկ հարցազրոյցը ռուսական հեռատեսիլի կայանի մը։ Կը մէջբերեմ մամուլին մէջ լոյս տեսած անոր հայերէն թարգմանութիւնը,-.

«Ի՞նչ է պահանջում Նիկոլ Փաշինեանը՝ ինձ իշխանութիւն տուէք հենց հիմա, անհապաղ: Իշխանութիւնը ճամպրուկ չէ, որ ինչոր մէկն այն վերցնի ու փոխանցի Նիկոլ Փաշինեանին: Դա կոնկրետ մարդիկ են, խորհրդարանն է, պատգամաւորական կորպուսն է, իրենք ունեն սեփական ինքնասիրութիւն եւ ստիպել, շանտաժ անել մարդկանց մեծ քանակով, ստիպել նրանց գնալ սեփական խղճի, հայեացքների, քաղաքականութեան մասին ունեցած պատկերացումների դէմ, կարծում եմ, սա լիովին այլ ծայրայեղութիւն է»...

Երկուշաբթի, 30 Ապրիլ, 2018

Այսօր մինչեւ երեկոյեան հինգը, ցոյցեր տեղի պիտի չունենան։ Ժամը հինգին, Նժդեհի հրապարակէն երթով պիտի գան Հանրապետութեան հրապարակ հաւաքի։ Նիկոլ Փաշինեանը ցերեկը պիտի հանդիպի խորհրդարանական տարբեր ոյժերու հետ։

Նախ կը հանդիպի իր խմբակցութեան անդամներուն, յետոյ «Ծառուկեան» դաշինքին եւ ապա  ՀՅԴ խմբակցութեան։ Երեքն ալ կը խոստանան սատարել իրեն։ Ապա կը հանդիպի Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան պատգամաւորներուն։ Մինչ առաջին երեք հանդիպումներ փակ էին, այս մէկը ուղիղ կը սփռուի։ Առցանց կը դիտեմ զայն ծայրէ ծայր։ Պատգամաւորներու հարցերուն կը պատասխանէ Նիկոլ Փաշինեանը։ Հանրապետական ծանր հրետանին` Շարմազանով, Աշոտեան, Նաղտալեան, Ֆարմանեան եւ ուրիշներ կը հակադրեն Փաշինեանի ներկայ յայտարարութիւները իր ընդդիմութիւն եղած ժամանակ ըրած յայտարարութիւններուն եւ կը ջանան նեղը ձգել զինք։ Հակառակ, որ մինչ օրս  իմ համակրանքիս չէ արժանացած Փաշինեանի վարուելակերպը եւ միշտ այգեպան ծեծողի քան թէ խաղող ուտել ուզողի տպաւորութիւն ձգած է վրաս, այսօր շատ լաւ կը պահէ ինքզինք։ Կրկին եւ կրկին կը փորձեն փաստել, որ իշխանութիւնը ճիշտ էր եւ Փաշինեանը սխալ...

Ինծի կը թուի որ բանը բանէն անցնելէն ետք այս դիրքորոշումը անիմաստ է։ Կարծեմ Ռոբերտ Քոչարեանի մատնանշած «սեփական ինքնասիրութիւններ»ն են, որ կը տիրապետեն։

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը չի հրատարակեր իր որոշումը, կուսակցութեան քուէարկութեան ուղղութեամբ։ Կը խոստանան յայտարարել քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ։ Երեկոյեան ժամը 6-ին աւարտեցաւ Վարչապետ առաջադրելու ժամկէտը։ Կայ մէկ թեկնածու` Նիկոլ Փաշինեանը։

Կը յայտարարեն, որ վարչապետի ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած են 100-է աւելի միջազգային լրատուամիջոցներ ներկայացնող լրագրողներ։

Կը սպասենք վաղուան...

Կարծես բաւական չեն մեր ներքին հարցերը, այսօր կը խօսուի արցախա-ատրպէյճանական սահմանային տեղաշարժերու մասին, ապա միջազգային լրահոսէն կ’իմանանք Իրան-իսրայէլ֊Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու սրման մասին։

Մարգարը թռչուն կերակրող երկու գլան ունի, ծառերուն ճիւղերէն կախած, մեր տան առջեւը։ Տեսնելով որ հարեւան Սուսանի հաւերը մեծ ճիգեր կը թափեն հասնելու անոնց, ամէն անգամ, որ գլանները կերով կը լեցնէ, քանի մը ափ ալ գետին կը նետէ հաւերուն համար։ Հաւերը երբ արձակ են, վազելով կու գան, իմանալով որ հոն կեր կայ իրենց համար։ Այսօր երեկոյեան Սուսանին հետ կը վերադառնանք Հիլտայի տունէն։ Ես մեր տունը կը մտնեմ եւ ինք կը շարունակէ իրենց տունը։ Դարպասէն հազիւ ներս մտած, ծաղկանոցին մէջ կը նկատեմ հաւկիթ մը։ Սուսանը ետ կը կանչեմ, չհաւատալով աչքերուս։ Կու գայ տեսնելու թէ ինչո՞ւ իրար անցած եմ։ Ցոյց կու տամ հաւկիթը։ Ճերմակ հաւուն հաւկիթն է,- կ’ըսէ։ Կը խորհի, որ հաւը, որպէս գնահատանք  Մարգարին հետեւողական կերակուր հայթայթելուն, մեր բակը ածած է։ Կը մերժէ հաւկիթը տանիլ...  Երբ Մարգարին ցոյց կու տամ զայն, խանդավառուած` «ասիկա չուտենք, պահենք»,- կ’ըսէ։ Մեր հողին վրայ վերջին 10 տարիներուն առաջին ածուած հաւկիթն է...

Էլիզ Շարապխանեան

Ուշի