Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալընը յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման շուրջ դրական միտում կը նկատուի: Թրքական «Hurriyet» թերթի համաձայն, խօսնակը այս մասին յայտնած է թրքական «A Haber» հեռուստաալիքի ուղիղ եթերին, Էրտողանի եւ Փութինի հանդիպման արդիւնքներու մասին խօսելու ժամանակ: Ան յայտնած է, որ ռուսական կողմը վերջին շրջանին կառուցողական ներդրում ունեցած է ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման գործին՝ նշելով, որ հարցը քննարկուած է 8 օգոստոսին Պաքուի մէջ Փութինի, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպման ժամանակ: Իսկ այսօր ալ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը կը մեկնի Մոսկուա:
Անոր պնդմամբ՝ Փութին-Էրտողան հանդիպման ժամանակ յայտարարուած է Ռուսաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա եռակողմ համագործակցութեան ֆորմաթ ստեղծելու մասին, ինչը շատ կարեւոր քայլ է, ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին համար:
Թուրքիոյ նախագահականի խօսնակը իր խօսքին մէջ կրկնելով թրքական անհիմն թէզերը նշած է, որ «եթէ Հայաստանը Ղարաբաղէն դուրս գայ, ապա այն տարածաշրջանի բոլոր յարաբերութիւններու, այդ շարքին՝ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վրայ դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ: Այս տեսանկիւնէ շատ կարեւոր է, որ այս հանդիպման ժամանակ յայտարարուած է Ռուսաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա եռակողմ համագործակցութեան ֆորմաթ ստեղծելու մասին»: