Գերմանիոյ իշխանութիւնները ներխուժում իրականացուցած են PKK-ի հետ կապի մէջ գտնուող 17 անձերու դէմ, անոնց հասցէին ձերբակալման հրաման հրապարակելէ ետք, կը հաղորդէ «DailySabah»ը, նշելով, որ 17 անձերը կը մեղադրուին 2 ամիս մը առաջ Գերմանիոյ Էյսըն քաղաքին մէջ թրքական սրճարանի վրայ յարձակում գործելու մէջ:
Ներխուժումը իրականացած էր հինգշաբթի օր, գերմանական 11 արեւմտեան քաղաքներու, 30 առանձին վայրերու մէջ, - գրուած է ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ:
Յիշենք, որ նոյեմբերի 2016-ին, PKK-ի հետ կապ ունեցող անձինք Էյսընի թրքական սրճարանի պատուհանին վրայ կրակէ շիշեր նետած էին, որու պատճառով վիրաւորուած էր մէկ մարդ: Դէպքէն երկու օր անց, ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր երեք կասկածեալներ, որոնք տակաւին կը գտնուին քննչական կալանքի տակ: