image

Գերմանիոյ խորհրդարանի Թուրք ծագումով անդամներ պաշտպանութեան տակ

Գերմանիոյ խորհրդարանի Թուրք ծագումով անդամներ պաշտպանութեան տակ

Գերմանական ոստիկանութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք 11 անդամներ առած է իր պաշտպանութեան տակ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «İMC TV»-ին, նշելով, որ նման հարցի անհրաժեշտութիւնը ծագած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի որդեգրումէն ետք անոնց հասցէին մահուան սպառնալիքներ հնչելու պատճառով: Աղբիւրը կը նշէ, որ շաբաթ օր Պերլինի ոստիկանութեան եւ դաշնակցային ոստիկանութեան միջեւ գիշերուան ուշ ժամերուն գումարուած ժողովէ մը ետք, որոշուած է երեսփոխաններու պաշտպանութեան համար որդեգրուած անվտանգութեան միջոցառումներու գործադրութիւնը երկարաձգել:

Գերմանական «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթը իր կարգին հրապարակած է լուր մը, որուն համաձայն,  Թուրքիոյ մէջ պաշտօնական հակազդեցութիւններէն ետք, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ խորհրդարանի ծագումով թուրք երեսփոխաններուն յորդորած է Թուրքիա չայցելել: Նախարարութիւնը ընդգծած է, որ Թուրքիա այցելող երեսփոխաններուն անվտանգութիւնը չի կրնար երաշխաւորել: