image

Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը ժողովրդավարացման համար Թուրքիոյ տրամադրուող նպաստը դադրեցնելու կոչ կ'ընէ

Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը ժողովրդավարացման համար Թուրքիոյ տրամադրուող նպաստը դադրեցնելու կոչ կ'ընէ

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ եւ Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան անդամ Եոհաննէս Զինկհամեր յորդորած է, որ Եւրոմիութիւնը դադրեցնէ նիւթական այն օգնութիւնը, որ կը տրամադրուի Թուրքիոյ, ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու նպատակով։

Զինկհամեր նշած է, որ ժողովրդավարացման գործընթացը Թուրքիոյ մէջ, վերջին շրջանին, յառաջընթաց չէ՛ ապրած, հետեւաբար, գումար տրամադրելը նպատակայարմար չէ՛ այս պահուն։ Ան նաեւ դէմ արտայայտուած է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու շուրջ բանակցութիւնները շարունակելուն։

2007-2014ին, Թուրքիա Եւրոմիութենէն ստացած է 5.4 միլիառ եուրօ օժանդակութիւն, որմէ մէկ միլիառ եուրօ տրամադրուած է Գերմանիոյ կողմէ։ Կը նախատեսուի մինչեւ 2020՝ Թուրքիոյ տրամադրել եւս 4.5 միլիառ եուրօ։