image

Գանատա Մինչեւ 25.000 Սուրիացի Գաղթական Պիտի Ընդունի

Գանատա Մինչեւ   25.000   Սուրիացի Գաղթական Պիտի  Ընդունի

Մինչեւ յառաջիկայ  2016 տարուան  Փետրուար    ամսուան աւարտը   Գանատա  հասնող սուրիացի գաղթականներուն թիւը պիտի  հատէ 25.000 -ը:  Այս մասին յայտնած է,  Գանատայի    գաղթականներու եւ վերաբնակեցման  հարցերու նախարար    Ճոն Մէլքոլմ: Մէլքոլմ, որ մամլոյ ասուլիս մը տալով     սուրիացի գաղթականներու հարցերուն  մասին խօսած  է նկատել տուած  է, որ  երկիրը   կլիմայական  եւ  այլ         թէքնիք պատճառներով պիտի չկարողանայ մինչեւ տարեվերջ  25.000       սուրիացիներ ընդունիլ:  Նախարարը նաեւ  յիշեցուց, որ    յատկապէս գաղթականներու հարցերով զբաղող պետական  գերատեսչութիւնները մեծ ճիգերր կ'ընեն    գաղթականներու անվտանգ փոխադրութիւնը եւ տեղաւորումը   ապահովելու համար:  Ըստ  գանատական  «Թորոնթո սթար»ին   գաղթականներու   երկիր ներհոսքի սկսելէն  ի վեր   Մոնթրէալ եւ Թորոնթո հասած   փախստակններուն թիւը  հասած է  2000-ի:  Նշենք, որ   նախարար Մէլքոլմ  նախօրօք  այցելած էր  Լիբանան եւ Յորդանան մօտէն ծանօթանլու  համար  փախստաներու իրավիճակին: Նշենք նաեւ, որ  սուրիացի ապստանեալներուն մէջ կարեւոր  թիւ մը կը կազմէ  մեր հալէպահայ   հայրենակիցներուն   թիւը: