Մինչեւ յառաջիկայ 2016 տարուան Փետրուար ամսուան աւարտը Գանատա հասնող սուրիացի գաղթականներուն թիւը պիտի հատէ 25.000 -ը: Այս մասին յայտնած է, Գանատայի գաղթականներու եւ վերաբնակեցման հարցերու նախարար Ճոն Մէլքոլմ: Մէլքոլմ, որ մամլոյ ասուլիս մը տալով սուրիացի գաղթականներու հարցերուն մասին խօսած է նկատել տուած է, որ երկիրը կլիմայական եւ այլ թէքնիք պատճառներով պիտի չկարողանայ մինչեւ տարեվերջ 25.000 սուրիացիներ ընդունիլ: Նախարարը նաեւ յիշեցուց, որ յատկապէս գաղթականներու հարցերով զբաղող պետական գերատեսչութիւնները մեծ ճիգերր կ'ընեն գաղթականներու անվտանգ փոխադրութիւնը եւ տեղաւորումը ապահովելու համար: Ըստ գանատական «Թորոնթո սթար»ին գաղթականներու երկիր ներհոսքի սկսելէն ի վեր Մոնթրէալ եւ Թորոնթո հասած փախստակններուն թիւը հասած է 2000-ի: Նշենք, որ նախարար Մէլքոլմ նախօրօք այցելած էր Լիբանան եւ Յորդանան մօտէն ծանօթանլու համար փախստաներու իրավիճակին: Նշենք նաեւ, որ սուրիացի ապստանեալներուն մէջ կարեւոր թիւ մը կը կազմէ մեր հալէպահայ հայրենակիցներուն թիւը: