image
Հրատապ լուրեր:

Գաբրիէլ Բալայեանն այլեւս նախարարի տեղակալ չէ

Գաբրիէլ Բալայեանն այլեւս  նախարարի տեղակալ չէ

44-օրեայ պատերազմի ընթացքին անհետ կորած զինծառայողներու ծնողները այսօր կրկին այցելած էին Պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ կը խնդրէին տուեալներ յայտնել իրենց որդիներու մասին:

Այնտեղ էր նաեւ ԱԺ պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը, որ ըսած է, որ Պաշտպանութեան նորանշանական նախարարն ու փոխնախարարը կը զբաղին այդ հարցով, նախորդները եւս զբաղուած են:

Ծնողներէն մէկու դիտարկման, թէ պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալաեանին յայտնած են խնդրի մասին, Անդրանիկ Քոչարեանն ըսած է, որ ան ազատուած է փոխնախարարի պաշտօնէն.«Բալաեանն ազատուած է պաշտօնէն, ան այլեւս չաշխատիր»:

Նշենք, որ կարելի չէ եղած Գաբրիէլ Բալաեանէն լուրը ճշդել, ան հեռախօսազանգերուն եւ հաղորդագրութիւններուն չի պատասխաներ: