Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութեան uնդհանուր ժողովը տեղի ունեցած է կիրակի, 31 յունուարին, «Չարլի Քէյեան» համագաղութային վարժարանի սրահին մէջ, ներկայութեամբ 25 հայրենակիցներու, ներառեալ՝ Այնճարէն եւ Սան Ֆրանսիսքոյէն հայրենակիցներու:
Վարչութեան կողմէ ճաշ հրամցուած է, ապա ժողովին բացումը յայտարարուած է ու տեղի ունեցած դիւանի ընտրութիւն։ Նախագահ ընտրուցած է Հրաչ Ակիւլեան, իսկ ատենադպիր՝ Մարտիկ Չանչանեան։
Բանաձեւի եւ քննիչ յանձնախումբի անդամ ընտրուած են Սիմա Ստամպուլեան եւ Հրաչ Տէր-Գալուստեան, ապա վարչութեան քարտուղար Անէթ Ակիւլեան ներկայացուցած է 2015 տարեշրջանի տեղեկագիրը, իսկ անոր նիւթական բաժինը ներկայացուցած է Նշան Տէր-Գալուստեան։
Ներկաներուն կողմէ եղած հարցումներուն տրուած են սպառիչ պատասխաններ, իսկ յանձնախումբը, քննելէ ետք վարչութեան միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, հաստատած է, թէ վարչութեան գործունէութիւնը գնահատելի է: Ներկաները ոչ միայն ձայնակցած են յանձնախումբի որոշումին, այլ նաեւ գովասանքով արտայայտուած են միութեան 30ամեակին առիթով հրատարակուած պատկերազարդ գրքոյկին մասին։ Ապա տեղի ունեցած է նոր վարչութեան ընտրութիւն։
Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ