image

Ֆրէտմանի նշանակումը կանխող հրէա-ամերիկեան փորձերը կը շարունակուին

Ֆրէտմանի նշանակումը  կանխող հրէա-ամերիկեան փորձերը կը շարունակուին

Մինչ իսրայէլեան աջակողմեանները գոհունակութիւն կը զգան Տէյվիտ Ֆրէտմանի Իսրայէլի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպան նշանակումով, որուն նստավայր Թէլ Աւիւը, հաւանաբար, պիտի փոխարինուի Երուսաղէմով, միւս կողմէ ամերիկեան «Քաբիթոլ Հիլ»ի մէջ հրեայ լիպերալներ ջանք չեն խնայեր խանգարելու համար անոր նշանակումը: Այս մասին կը հաղորդէ Իսրայէլեան «Haaretz» թերթը:

Աղբիւրը յայտնած է, որ Ֆրէտմանի նշանակումը Ամերիկայի հրեաները երկուքի պիտի բաժնէ, աւելցնելով, որ լիպերալական հրեաներ իրենց նպատակին հասնելու ի խնդիր կ'օգտագործեն ամերիկեան Քոնկրէսի անդամներէն անոնք, որոնք կողմ են երկու երկիրներու լուծարման:

Ֆրէտմանի դէմ ուղղուած ջանքերու պատրուակն այն է, որ վերջինս հանդիսանալով ծայրայեղ աջակողմեան, կողմ է վերաբնակեցման քաղաքականութեան, որ կրնայ սրել պաղեստինցիներու հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները:

Այս առումով կը յիշատակուի, որ  2003 թուականին ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Թրամբ 10 հազար տոլարի չափով նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած էր հրեայ վերաբնակեցուած կնոջ մը, որուն նշեալ գումարը փոխանցած էր իր ընկերոջ՝ Ֆրէտմանի միջոցով, ինչը ապացոյց կրնայ հանդիսանալ, որ ԱՄՆ պետութիւնը նոր ռազմավարութիւն կը մշակէ՝ վերաբնակեցման գաղափարի ուղղութեամբ: