Ֆիլատելֆիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայ Կաթողիկէ երիտասարդ վարդապետ Հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի պարագաներէն: Հայր Թովմաս վարդապետ կոչուած է ծառայութեան ԱՄՆ-ի մէջ եւ ան, որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէր Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Մարկոս եկեղեցիէն ներս:
Վարդապետը ծնած էր Պէյրութ 26 յուլիս 1973-ին:
Վարդապետին մահը գուժած է Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմը եւ Սուրբ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին:
Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան եւ թաղման մասին պիտի հաղորդուի աւելի ուշ: