image

ՖԻՖԱ-ի աղիւսակին վրայ Հայաստանի հաւաքականը 18 տեղով առաջ անցած է

ՖԻՖԱ-ի աղիւսակին վրայ Հայաստանի հաւաքականը 18 տեղով առաջ անցած է

Ֆութպոլի Հայաստանի հաւաքականը ՖԻՖԱ-ի թարմացուած վարկանշային աղիւսակին վրայ 18 տեղով յառաջդիմած է:


«Ֆութպոլ Փլիւս» կը գրէ, որ ԱԱ-2018-ի ընտրական փուլին Ղազախստանին յաղթելուն շնորհիւ, Արթուր Պետրոսեանի մարզած խումբը միաւորներու քանակը աւելացուցած է 113-ով: Նոր աղիւսակին վրայ Հայաստանի ընտրանին կը գրաւէ 67-րդ տեղը:


Այսպիսով, հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը Արթուր Պետրոսեանին փոխանցուելէ ետք խումբը յառաջադիմած է 58 տեղով՝ 125-րդէն հասնելով 67-րդի: