image

«Ֆաթհ»ի նախկին ղեկավարին դէմ պատժական տնօրինումներ

«Ֆաթհ»ի նախկին ղեկավարին դէմ պատժական տնօրինումներ

Պաղեստինի Կաշառակերութեան դէմ պայքարի դատարանը երէկ, 14 դեկտեմբերին երեք տարուան ազատազրկման դատապարտած է «Ֆաթըհ» շարժումի պաշտօնանկ եղած գործիչ Մուհամատ Տահլանը, միաժամանակ պահանջելով վերջինիս վերադարձնել իր կողմէ շորթուած 16 միլիոն տոլարը: Այս մասին հաղորդած է «Անատոլու» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Տահլանի փաստաբանի յայտարարութիւնը:

Փաստաբանը նշած է նաեւ, որ Տահլան ամբաստանուած էր դրամաշորթութեան մէջ, երբ կը զբաղեցնէր պաղեստինեան նախագահական պալատի անվտանգութեան գործակալի պաշտօնը, աւելցնելով, որ մտադիր է բողոքարկել դատարանի որոշումը, նկատի ունենալով, որ Տահլան պաղեստինեան Օրէնսդիր խորհուրդի պատգամաւոր է եւ խորհրդարանականի անձեռնմխելիութիւն կը վայելէ:

Յիշեցնենք, որ նախանցեալ օր պաղեստինեան լրատուամիջոցները լուրեր տարածած էին, թէ նախագահ Ապպաս վերացուցած էր Տահլանի եւ 4 այլ պատգամաւորներու անձեռնմխելիութիւնը, զորս չէին հաստատուած եւ ոչ ալ հերքուած երկրի իրաւասու մարմիններու կողմէ:

Նշենք նաեւ, որ Տահլան ներկայիս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը բնակի եւ կը վայելէ «Արաբական Քառեակ» կոչուած երկիրներու հովանաւորութիւնը: