Բրիտանական «The Guardian» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր զգուշացուցած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կին անդամներէն:
Թերթը դիտել տուած է, որ կառավարութիւններն ու անվտանգութեան մարմինները որեւէ տեղեկութիւններ չունին վերջիններուս թիւին մասին, եւ պատերազմական գործողութիւններու մասնակցելու պարագային, անոնք կրնան մեծ վտանգ սպառնալ:
Թերթը նշած է, որ հիմնական վտանգը կը կայանայ այն բանին մէջ, որ խմբաւորումն իր դիրքորոշումները վերանայման ենթարկելով արտօնած է իր կին անդամներուն զէնք կրել ու մասնակցիլ պատերազմական գործողութիւններուն:
Ձեռք բերուած տուեալներուն համաձայն, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «Տահէշ»ի շարքերուն միացած օտարերկրացիներու 13 տոկոսը կին անդամները կը կազմեն: