Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ընդհանուր քաղաքներէն, բացառիկ վայր՝ Սթրասպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի 2016 թուականի ձմեռուան առաջին պատգամաւորներուն ժողովը սկսաւ Սթրասպուրկ քաղաքի մէջ, ուր Եւրոխորհուրդ, Եւրախորհրդարան, Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու դատարանը կը գտնուին: Ահաւասիկ 10 տարի վերջ, իմ նախկին պաշտօնովս, այսինքն որպէս հաւատարմագրուած լրագրող կը գտնուիմ այս քաղաքը, այս շատ սիրուն եւ բառիս բովանդակ իմաստով, Սթրասպուրկ քաղաքը Ֆրանսայի Ալզաս-Լորին շրջանին մայրաքաղաքն է: Ինչու համար այսպէս կ'ըսենք, քանի որ Ալզաս-Լորէնը հիմնական իր մարդկային խմորումներով, աւանդոյթներով, մշակոյթով, ժողովուրդին խօսած լեզուով եւ կարգավիճակով բոլորովին կը տարբերուի Ֆրանսայի այլ քաղաքներէն: Ուրեմն պատահական չէ որ, ինչպէս քիչ մը առաջ նշեցինք, Եւրոխորհուրդը, Եւրախորհրդարանը եւ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանը կը գտնուին այս քաղաքը: Ֆրանսան եւ Գերմանիան, առանց չափազանցումի, երկար տարիներ գրեթէ իրարու կոկորդ կրծած են: Այդ շրջանը յետոյ դարձած էր կռուախնձոր եւ մէ՛կ Գերմանիոյ, մէ՛կ ալ Ֆրանսայի ձեռքը անցած էր: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին վերջապէս դարձեալ Ֆրանսայի ձեռքը անցնելէ ետք, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարները, որպէս դարաւոր թշնամութեան վերջ տալու միջոց, որոշում մը առին լայիք (աշխարհիկ) մօտեցումներով կառավարել շրջանը: 1789-ին Ֆրանսան կ'ընդունէր, որ Ալզաս-Լորէն շրջանը, այսինքն Սթրասպուրկի, գրեթէ մայրաքաղաք գտնուած շրջանը լայիք չըլլայ, սա իրոք ճիշդ գործ էր Ֆրանսայի կողմէ, որովհետեւ այս քայլէն ետք, բողոքականներ եւ Ֆրանսայի մէջ՝ կաթոլիկներ, երկու ժողովուրդները համերաշխ կերպով կարենալ ապրելու համար այս որոշումը առնուած էր: Պատկերացուցէք առաւօտուն Գերմանիա գործի գացող ֆրանսաբնակ մը, երեկոյեան, իր տունը կը վերադառնար՝ Ֆրանսա, այսինքն Սթրասպուրկի մէջ, եւ Գերմանիա ապրող մէկը առտուն կու գար գործի Ֆրանսա, եւ երեկոյեան կը վերադառնար իր երկիրը՝ Սթրասպուրկի գերմանական բաժինը:
Մեծ հայրս թրքերէն խօսքով մը կ'ըսէր, որ երազելը վատ բան չէ, այսինքն դուք այսօր կրնաք ըսել, որ ասիկա երազ է, բայց միւս կողմէն ալ պէտք չէ մոռնալ, որ բոլոր իրականութիւնները երազով կը սկսին: Օրինակ նոյն բանը կարելի է պատկերացնել Թուրքիոյ մէջ գտնուող Կարս քաղաքի պարագային: Կարսի մէջ ապրող մը առաւօտուն գործի կ'երթայ թրքական կողմով, երեկոյեան կը վերադառնայ հայկական կողմով: Ի միջի այլոց պէտք է ըսեմ, որ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ երկու ժողովուրդները, որոնք իրարու թշնամի էին, ARTE կոչուած ընդհանուր հեռուստակայան մը ստեղծեցին, որ նպաստեց երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան: Այսինքն ֆրանսացի եւ գերմանացի ժողովուրդները, որ թշնամութեան գագաթնակէտին հասած էին, այսօր նոյն հեռուստացոյցի ծրագիրը կը դիտեն եւ այլեւս նախկին թշնամական մօտեցումները չունին իրար հանդէպ:
25-29 Յունուար 2016-ին Սթրասպուրկի մէջ Եւրոխորհուրդի պատգամաւորներու մեծ ասամպլեայի ժողովին հետ կապուած արժէ լոյսին տալ, թէ ինչ օրակարգեր քննարկուեցան այդ ժողովին ընթացքին:
Եւրոխորհուրդի սկզբունքներուն համաձայն ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարը այսօր հիմնական առաջնահերթութիւն է: Այս օրինագիծը իհարկէ շատ մը հարցականներու դուռ կը բանայ, որովհետեւ ինչպէս գիտէք, գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ, Եւրոպայի շարք մը կարեւոր երկիրներ աչք կը գոցեն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մարդկային իրաւունքներուն խախտման վերաբերեալ եւ ատոր փոխարէն Թուրքիայէն կը խնդրեն, որպէսզի «պատ մը քաշէ» սուրիացի գաղթականներուն դէպի եւրոպական ցամաքամաս արտահոսքին դէմ: Այսինքն Եւրոպան, կոպիտ ասած, որպէսզի պաշտպանուի այդ մարդկային հոսքի մեծ ալիքներէն Թուրքիան կը կաշառէ ըսելով, որ մենք քու մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն խախտելուդ աչք պիտի փակենք: Այդ մէկը անշուշտ Եւրոպայի եւ Եւրախորհրդարանի եւ Եւրոմիութեան բարձր, ազնիւ եւ մարդկային մօտեցումներուն դէմ է: Ազրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ եղած մարդկային իրաւունքներու խախտումներու մասին պիտի խօսուի: Պիտի խօսուի նաեւ Քոպանիի ազատագրման մասին: Ժողովին ներկայ եղան նաեւ երկու կին պատասխանատուներ քրտական YPK խումբէն, որ կը կոչուին Հիպա Ալ-Տարուիշ եւ Նըսրին Ատպալլա: Ժողովին պիտի ցուցադրուի նաեւ թուրք հաճի Օրմանի պատրաստած ֆիլմը, որուն մէջ նաեւ հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու հարցերուն մասին ալ լայն տեղ տրուած է: Խօսքերս նախքան վերջացնելը պիտի ըսեմ, որ Ալզաս-Լորէնը, ինչպէս բացատրեցի, դարաւոր, երկարատեւ թշնամութիւններուն վրայով բարեկամութիւններու գացած մէկ տեղն է: Ուրեմն, եղանակը սառն է, սակայն արեւը շատ շողշողուն կերպով կը փայլի, կը մաղթենք որ այս արեւուն ջերմութիւնը Եւրոպայի տրամադրութիւնն ալ մեր՝ հայերու եւ ընդհանրապէս ուրիշ խնդիրներ ունեցող ժողովուրդներու թշնամութիւնները բարեկամութիւն կը դարձնէ:
Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս
Սթրասպուրկ