image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոխորհրդարանը Դատապարտած է Ազրպէյճանի Կողմէ ԵԱՀԿ-ի Առաջարկներուն Խոչընդուտմները

Եւրոխորհրդարանը Դատապարտած է Ազրպէյճանի Կողմէ ԵԱՀԿ-ի Առաջարկներուն Խոչընդուտմները

Սթրազպուրկի մէջ Ապրիլ 12ին կայացած Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստը քննեց Արցախի վերջին իրադարձութիւնները։ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին շեշտեց այն միտքը, որ ներկայ իրավիճակը լուծում պիտի չբերէ Արցախի տագնապին եւ կոչ ըրաւ հակամարտութեան կողմերուն՝ բանակցութեանց ճամբով հասնիլ տագնապի խաղաղ լուծման։ 

Քննարկումին ընթացքին անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի առաջարկներու, յատկապէս զինադադարը խախտող կողմը բացայայտելու կարողութիւնը ունեցող սարքերու տեղադրման մերժումը, շարք մը երեսփոխաններ խստօրէն դատապարտեցին Պաքուի այս կեցուածքը եւ պահանջեցին ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս ընդունի վստահութիւն ներշնչող այս եւ նման քայլերու որդեգրումը։

Երեսփոխանները դատապարտած են յատկապէս քաղաքայիններու դէմ ազրպէյճանական կողմին գործած բռնութիւնները, իսկ անոնցմէ ոնանք (ինչպէս՝ լիւքսեմպուրկցի Ֆրանք Անկել եւ կիպրացի Էլենի Թէօչարոս) իրենց ձայնը միացուցած են սպանացի Ժոզէֆ Մարիա Թերիքապրասի այն կոչին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները պէտք է ներառնուին Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս ընթացող բանակցութիւններուն մէջ, հաստատելով, թէ անհրաժեշտ է միջազգայնօրէն ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Ասպարէզ