«Լաւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս մենք կը պնդենք, որ երկիրները պէտք է խուսափին ցանկացած սպառնալիքէ», - ըսած է Տենտիասը՝ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյնի հետ համատեղ յայտարարութեան ընթացքին եւ շեշտած, որ Յունաստանը նպատակ ունի խթանել խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը: Այս ծիրէն ներս ալ կազմակերպուած է երէկ կայացած «Ֆիլիա» համաժողովը՝ եօթ այլ երկիրներու հետ համատեղ: Տենտիասը շեշտած է, որ համաժողովը ուղղուած չէ որեւէ մէկու դէմ եւ այն պարզապէս բազմակողմ համագործակցութեան ջանք է եւ այն բաց է միջազգային իրաւունքը յարգող եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդան աջակցող բոլոր երկիրներուն համար:
Տենտիասը նշած է, որ Յունաստանը լիովին կ'աջակցի Իրաքի միասնութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան եւ կը դատապարտէ Իրաքի տարածք բոլոր անօրինական ներխուժումները, որոնք յայտնի են որպէս «խաղաղապահ գործողութիւններ»:
Յունաստանը կը կարծէ, որ երկկողմ վէճերը պէտք է լուծուին խաղաղութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ:
Երկու նախարարները պայմանաւորուած են յաջորդ հանդիպման մասին, որու շրջագիծէն ներս Տենտիաս պիտի այցելէ Պաղտատ, Իրպիլ եւ Պասրա: Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը Յունաստանի հետ յարաբերութիւնները պատմական որակած է եւ շեշտած, որ իր երկիրը յատկապէս կը գնահատէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Յունաստանի աջակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են առեւտուրի հիմնախնդիրներ, յատկապէս ուժանիւթի ոլորտի մէջ, եւ այն, թէ ինչպէս կրնան յունական ընկերութիւնները ներդրումներ կատարել Իրաքի մէջ: Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ յունական ընկերութիւնները կրնան իրենց ուշադրութիւնը սեւեռել Պասրայի վրայ, ուր նաւահանգիստ կայ: