image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմի Պատրիարքը դատական հիմնաւորումով վանքէն կը վտարէ կարազուրկ եղած Էմմանուէլ վարդապետը

Երուսաղէմի Պատրիարքը դատական  հիմնաւորումով   վանքէն   կը վտարէ  կարազուրկ  եղած  Էմմանուէլ  վարդապետը

Օրերս  սքանտալային դէպք մը գրանցուած է  Երուսաղէմի  Հայոց Պատրիարքարանին մէջ։

 Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Երուսաղէմի  իր աղբիւրներէն։

 Մեր  աղբիւրը  յայտնեց, որ  Էմմանուէլ   վրդ.  Աթաջանեանը,    դատական  վճիռի հիմամբ  վտարուած է  վանքէն,  զրկուելով նաեւ  վանքին  մէջ   եղող իր սենեակէն։

   Յիշեցնենք, որ   աւելի  վաղ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքի վճիռով       նոյն միաբանը,     զրկուած էր     կրօնական  իր   իրաւասութիւններէն ու  հրապարակաւ  յայտարարուած էր  ՝  կարգազուրկ։

  Նշենք, որ   երբ կը պատրաստուէինք  այս լուրը հրապարակել  Երուսաղէմի Հայոց  միաբանութիւնէն   կը ստանայինք  հաղորդագրութիւն մը, որ  աւելի   մանրամասն   կերպով    կը պարզէր   այս  բաւական  ցաւոտ խնդրին վերաբերեալ Պատրիարքարանի  տեսակէտն ու կարծիքը։

 

 

 Նշեալ   հաղորդագրութեան  մէջ  կը  գրուէր,  որ    վարդապետ Աթաջանեան  «եղաւ  անհոգ եւ անկարգ իր եկեղեցական  պարտականութեանց   եւ պարտաւորութեանց  մէջ» , հետեւաբար  որոշում  առնուած է       կարգազուրկ    հռչակեալ  յիշեալ  վարդապետը։

 

  Կարգազուրկ  յայտարարուելէն  ետք   Պատրիարքարանը      արդէն նախկին  վարդապետէն   պահանջած է լքել  վանքի  իր  սենեակը, իսկ  վերջինիս ընդդիմացած  ու դատական հայց  ներկայացուցած էր  Իսրայէլեան    դատարանին  առջեւ։

 

   Մայիսին      եղած   այս տագնապէն,  երեք ամիս անց  այս  օրերուն   իսրայէլեան դատական մարմիններ  նախկին  վարդապետի (աւազանի անունով Արմէն Աթաջանեան)   հարցի վճռումը    թողած են Պատրիարքարանի   հայեցողութեան, որն  իր կարգին    Արմէն   Աթաջանեանէն      պահանջած է     յետ այսու  հեռու մնալ  վանական  սքեմ  կրելէ ու  հետեւաբար  լքել     վանքին մէջ  առկայ իր սենեակը։

 Կը  նշուի  նաեւ, որ    իսրայէլեան դատարանը    ստիպած է    Արմէն Աթաջանեանին     3500        իսրայէլեան շէքէլի գումար մը   վճարել  պատրիարքարանին։

 

 «Արեւելք»  այս   լուրը  կը հրապարակէ    յարգելով     Արմէն Աթաջանեանի  անմեղութեան  կանխավարկածը, տրուած ըլլալով, որ վերջինս      խնդրին վերաբերեալ     ցարդ մամուլին  ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած է։