Թուրքիա- («Al-Jazeera Turk»)- Ինչպէս «Արեւելք» նախապէս նշած էր՝ Թուրքիոյ վարչապետ Տաւութօղլուի եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ վերջերս կայացած հանդիպման ժամանակ տարակարծութիւնները սրած էին, ինչի պատճառով Տաւութօղուն պահանջած էր, որ կուսակցութեան կենդրոնական գործադիր կոմիտէն արտակարգ նիստ գումարէ մայիսի վերջը, կուսակցութեան նոր նախագահ ընտրելու համար, որ միաժամանակ պիտի ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:
Թէ ինչ են այդ տարակարծութիւններու հիմնական պատճառները, այդ մասին առանձին կէտերով հաղորդած է «AL- Jazeera Turk» կայքը, նշելով, որ անոնք հիմնական պայմանաւորուած են Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեամբ:
Կայքի համաձայն, կողմերու միջեւ յարաբերութեան ճգնաժամը սկսած էր երեւնալ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախագահ Հաքան Ֆիտանի ինքզինք «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու առաջադրելէն ետք, յունիս 2015-ի ընտրութիւններու ժամանակ, Տաւութօղլուի հետ խորհրդակցական հանդիպումէն ետք, ինչը մերժած էր Էրտողան: Եւ այսպիսով շարունակուած էր տարակարծութիւնները տարբեր թղթածրարներու կապակցութեամբ եւս, ինչպէս օրինակ «թափանցիկութեան առաջարկը», որ փորձած էր Տաւութօղլուն առաջ քաշել խորհրդարանէն ներս, որուն հանդէպ Էրտողանի հակադրութիւնը բացայայտ եղած էր:
Տարակարծութիւններու պատճառ դարձած յաջորդ կէտը, որուն անդրադարձած է կայքը, կը վերաբերի դաշնային կառավարութեան: Այս թղթածրարը նոյնպէս երկու առաջնորդներու միջեւ վէճի հիմք դարձաւ, երբ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը ձախողեցաւ ձայներու մեծամասնութիւնը շահիլ, որպէսզի կարենար առանձին կառավարութիւն կազմել, Տաւութօղլուն դաշնային կառավարութիւն կազմելու ջանքեր գործադրեց, մինչ Էրտողան կը ձգտէր արտահերթ՝ ժամանակէն շուտ ընտրութիւններ ընել, ինչը եղաւ:
«AL- Jazeera Turk» կայքի նշած տարակածութեանց երրորդ առանցքը կը կազմէր կառավարութեան նոր համակարգի հարցը, որոնցմէ սակայն ամենասուր տարակարծութիւնը եղած էր նախագահական համակարգի շուրջ, որտեղ Էրտողան կը ցանկար տիրող ներկայ խորհրդարանական համակարգի փոխարեն նոր համակարգ մը ստեղծել Թուրքիոյ մէջ, մինչ Տաւութօղլու կառչած մնաց խորհրդարանական համակարգին, ըսելով, որ ժողովուրդը կուսակցութեան չէ լիազօրած իշխանութեան ձեւը փոխել, երբ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը չէր կրցած ձայներու մեծամասնութիւն ստանալ 7 յունիսի 2015-ի ընտրութիւններուն:
Աղբիւրի համաձայն, ներկայիս կ'ակնկալուի, որ 22 մայիսին տեղի ունենալիք կուսակցութեան արտահերթ նիստին Տաւութօղլուն պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, որու համաձայն վաղ ընդհանուր ընտրութիւններ պիտի կատարուին, եւ AKP-էն պիտի փորձէ բաւականաչափ ձայներ ձեռք բերել եւ խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն կազմել, որպէսզի կարենայ երկրի սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարել, ինչը կուսակցութեան պիտի արտօնէ ազատօրէն խորհրդարանային համակարգէն անցնիլ նախագահական համակարգի, ինչին կը ձգտի նախագահ Էրտողան: