image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան Քարտէզներու փոփոխութեան մասին ակննարկեց

Էրտողան Քարտէզներու փոփոխութեան մասին ակննարկեց

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ուրբաթ օր յայտարարած է, որ կարծես թէ ձգտում կայ՝ Իրաքէն եւ Սուրիայէն սկսեալ,  տարածաշրջանը վերակազմելու ծրագրի իրականացման, ընդգծելով, որ այս առումով Թուրքիոյ վրայ շատ ծանր բեռ պիտի դրուի:

 

Ան նաեւ ըսած է, որ այս շրջանին իր երկրի զգայուն իրավիճակը եւ անոր աշխարհագրական դիրքը կը պահանջեն արագ որոշումներ առնել եւ զգուշութեամբ կիրառել զանոնք: Էրտողանն ընդգծած է, որ այդ իսկ պատճառով շատ կարեւոր է եւ կը պահանջուի Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգի անցնիլ: