image

Էրտողան մեկնարկած է Ծոցի երկիրներ այցը

Էրտողան մեկնարկած է Ծոցի երկիրներ այցը

Թուրքիայի նախագահ Էրտողան պաշտօնական այցով ժամանած է Պահրէյնի թագաւորութիւն, ուրկէ պիտի մեկնարկէ Ծոցի երկիրներ իր այցելութիւնները, հանդիպում ունենալով երկիր իշխաններուն եւ թագաւորներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ եգիպտական «cairoportal» կայքը:

Պահրէյնի թագաւոր Համատ Ըպն Իսա ալ-Խալիֆան Էրտողանին պարգեւատրած է «Շէյխ Իսա Ըպն Սալման Ալ-Խալիֆա»ի գերազանց շքանշանով: 

Թուրքիոյ եւ Պահրէյնի ղեկավարները առանձին եւ ընդլայնուած կազմերով հանդիպումներ ունեցած են Բահրէյնի թագաւորական պալատէն ներս: