image

Էրտողան. «Գերմանիան պիտի շտկէ իր սխալ քայլը»

Էրտողան. «Գերմանիան պիտի շտկէ իր սխալ քայլը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս անդրադառնալով Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունման, նշած է. «Խորհրդարանին մէջ կայացած քուէարկութեան տիկին վարչապետի չմասնակցելու փաստը տրամաբանուած էր: Բնականաբար, մեր յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն այդ կը պահանջուէր իրենցմէ»: Էրտողան նաեւ անհրաժեշտ համարած է, որ այս պահէն սկսեալ Գերմանիան միջոցներ ձեռնարկէ՝ ուղղելու իր սխալը:

«Եթէ Գերմանիան չուղղէ իր սխալը, մենք համարժէք գործողութիւններու կանցնինք ու անոր համաձայն կը կատարենք մեր քայլերը»,- զգուշացուցած է Թուրքիոյ նախագահը: