Ատոլֆ Հիթլէրի եւ Ռ. Թայէպ Էրտողանի պատկերները երեւցած են Պէրլինի Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքին վրայ: Այս մասին այսօր կը գրէ բրիտանական The Independent պարբերականը: Թերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ պատկերները երեւցած են յատուկ սփռիչ (projector) սարքի օգնութեամբ: Էրտողանին աւելցուած է Հիթլէրը բնորոշող պեխէր եւ Նացիստական ժապաւէն: Նկարին տակ ակնարկելով Էրտողանի Հիթլէրի որդեգրած աշխատելաոճը յիշեցնող արարքներուն գրուած է «ան վերադարձած է»: Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ սոյն արարքը կազմակերպուած է գերմանական աքթիւիստներու Pixel Helper խմբակին կողմէ: Անոնք կը բողոքեն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող եւ յատկապէս մամուլի ազատութեան դէմ կատարուող Թուրքիոյ միապետ- նախագահին քայլերուն դէմ:
![]()