«Ռոյթըրզ» կը յայտնէ, որ այսօր, 23 Դեկտեմբերին, լիպիական օդանաւի ընկերութեան պատկանող Airbus A320 տիպի օդանաւ մը առեւանգման ենթարկուած է երկու ուղեւորներու կողմէ:
Մալթայի օդակայանը պարտադիր վայրէջք կատարած օդանաւը առեւանգողները սպառնած են պայթեցնել զայն: Անոնք պահանջած են մարդկային անցքեր տրամադրել Լիպիոյ մէջ գտնուող իսլամիստ զինեալներուն (շատ հաւանալար ՏԱՀԷՇ-ի զինեալներուն): Կը փոխանցուի նաեւ, որ լիպիական- ափրիկեան Airbus A320 տիպի օդանաւին մէջ կան 118 ուղեւորներ: Նոյն առումով իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Մալթայի վարչապետը: