image

Երկու զինեալներ սպառնացած են պայթեցնել առեւանգուած օդանաւը

Երկու զինեալներ սպառնացած են պայթեցնել առեւանգուած օդանաւը

«Ռոյթըրզ» կը յայտնէ, որ այսօր, 23 Դեկտեմբերին, լիպիական օդանաւի ընկերութեան պատկանող Airbus A320 տիպի օդանաւ մը առեւանգման ենթարկուած է երկու ուղեւորներու կողմէ:

Մալթայի օդակայանը պարտադիր վայրէջք  կատարած օդանաւը առեւանգողները սպառնած են պայթեցնել զայն: Անոնք պահանջած են մարդկային անցքեր տրամադրել Լիպիոյ մէջ գտնուող  իսլամիստ զինեալներուն (շատ  հաւանալար ՏԱՀԷՇ-ի  զինեալներուն): Կը փոխանցուի նաեւ, որ լիպիական- ափրիկեան  Airbus A320  տիպի  օդանաւին մէջ կան 118 ուղեւորներ: Նոյն  առումով իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Մալթայի վարչապետը: