Եգիպտոսի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ երկրի շարք մը նահանգներու մէջ 53 եկեղեցի արտօնագրուած է:
«BBC» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, նշուած եկեղեցիներուն մէջ շինարարական խախտումներ կային, զորս վերացնելէ ետք անոնց տրամադրուած է համապատասխան արտօնագիրը:
Եգիպտացի իրաւաբան Սամուէլ Թատրոս իր թուիթըրեան էջին գրառում կատարելով յայտնած է, որ ներկայիս Եգիպտոսի կառավարութեան սեղանին 27 նահանգներու մէջ գործող եկեղեցիներու արտօնագրման 3730 դիմում կայ: