image

Եգիպտոսի մեծ աստղը՝ Սամիր Ղանէմ զոհ՝ «Քորոնա»ի (Տեսանիւթ Ղանէմի մասին)

Եգիպտոսի մեծ աստղը՝ Սամիր Ղանէմ զոհ՝ «Քորոնա»ի (Տեսանիւթ Ղանէմի  մասին)

Արաբական աշխարհի բոլոր սերունդներու սիրուած կատակերգակ՝ Սամիր Ղանէմ մահացած է «Քորոնա»ի հետեւանքով։Երկար տարիներու կատակերգական տաղանդի ու աշխատանքի մարմնացում     հանդիսացած Ղանէմ իր կեանքի վերջին տարիներուն իսկ, չէր հրաժարած «սպիտակ» կատակներ ընելէ։

  Գունաւոր լայն շապիկը, սեւ հաստ ակնոցներն ու սեւ խիտ կեղծամը զինք դարձուցած էին իւրայատուկ կերպար:

 Ան ծնած է 1937-ին Եգիպտոսի Սաիտի Ասեութ քաղաքը,եւ իր ոստիկանապետ հօր փափաքը եղած է, որ որդին ալ դառնայ ոստիկան, եւ Ղանէմ հօր երազին հետեւելով, յաճախած է ոստիկանական համալսարան, սակայն զգալով, թէ այդ յարմար չէ իր ուրախ ու թեթեւ հոգիին, ուսումը շարունակած է այս անգամ գիւղատնտեսական համալսարանին մէջ, ուր զինք գրաւած է համալսարանի թատրոնը:

 Յետագային Սամիր Ղանէմի կազմած խումբը՝ «Թատրոնի լոյսերու եռեակը» (արաբերէնով՝ «Սուլասի Ատուա Ալմասրահ») անունով, Ժորժ Սայտհոմի եւ Ալտէյֆ Ահմատի հետ, առաջին քայլն էր, որմով արուեստագէտը ներկայացած էր հանրութեան: Խումբը կը հրամցնէր բեմային կատակերգական պատկերներ, հեռատեսիլի համար գործեր, նաեւ մեծ պաստառի շարժապատկերներու մէջ հետզհետէ կը գրաւէր աչքառու դերեր: Եռեակը մնաց մինչեւ Ահմատի մահը՝ 1970-ին: Հակառակ, որ խումբը այլեւս չկար, բայց Սամիր ու Ժորժ հաւատարիմ մնալով իրարու շարունակեցին միասին ու հանդէս եկան բազմաթիւ դերերով։Միւս կողմէ, 80-ական թուականներուն, Ղանէմ իր տեղը գտաւ հանելուկներու բնոյթով (մասնաւորապէս Ռամազան ամսուան ընթացքին ներկայացուող յայտնի՝ «Ֆաուազիր»ով) հեռատեսիլային ծրագիրներուն մէջ։

Սամիր Ղանէմի խաղացած կերպարներուն անունները մինչեւ օրս խորհրդանիշ են այս տեսակի ծրագիրներու:

1963-էն ի վեր, Ղանէմ ներկայացուցած է 300-է աւելի գործեր,եւ անոր ներկայացուցած կատակները, տակաւին կը պատմուին նոյնիսկ ներկայ սերունդի կողմէն:

Ղանէմ մինչեւ անցեալ տարի բեմին վրայ աշխոյժ դեր կը ներկայացնէր: Իսկ իր վերջին հեռատեսիլային երեւումը գովազդի մը ընդմէջէն էր, ուր իր կատակներով կրկին անգամ խլած էր ժողովուրդի ծիծաղը:

  Եգիպտական պատկերասփիւռին գիտակ քննադատներուն համար Ղանէմ այդ անձնաւորութիւններէն չէր, որ կը բաղձար իր գործերուն մէջ միշտ հերոսի դերով հանդէս գալ, բայց եւ այնպէս հոն ուր ինք ներկայ էր, ան կը դառնար գերիշխող աստղ մը, ինչ որ վախ կ'առաջացնէր այլ դերասաններուն մօտ, այդ իսկ պատճառաւ զինք կոչած էին ՝«Կատակերգութեան դեւը»:

 

 Սամիր Ղանէմ 84 տարեկան էր։

 

 «Արեւելք»ին համար քաղեց՝ Թ.Գ.